Կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին, Չորեքշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ երկրորդ դասախօսութիւնը, որուն նիւթն էր` «Ընկճուածութիւն եւ տարիքային տրամադրութեան փոփոխութիւն»:
Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսք արտասանեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը: Ան նշեց, որ առողջ, ուրախ եւ երկար կեանք մը ապրելու կարեւորագոյն պայմաններէն մէկն է առողջութիւնը, նշելով, որ ներկայ ժամանակներուն կը դիմագրաւենք բազմաթիւ դժուարութիւններ, որոնց պատճառով ընկճուած վիճակ կ՛ունենանք: Ֆիզիքական առողջութեան կողքին, կարեւոր է նաեւ մտային եւ հոգեւոր առողջութիւնը, որոնց չգոյութեան պարագային, ֆիզիքական առողջութիւնն ալ պիտի տուժէ: Ապա ան հրաւիրեց Էլ.Էյ.Եու. համալսարանի հիւանդապահութեան դպրոցի տնօրէն դոկտ. Անահիտ Տէր Վարդանեան – Քուլուիքին` ներկայացնելու իր նիւթը:
Դոկտ. Անահիտ Տէր Վարդանեան – Քուլուիքին իր դասախօսութեան սկիզբը խօսեցաւ տնային բռնութեան մասին, որ կիներուն մօտ ընկճուածութիւն կը յառաջացնէ:
Ըստ կարգ մը հետազօտութիւններու, Միացեալ Նահանգներու մէջ ընկճուածութիւնը 6 առ հարիւր է, իսկ Լիբանանի մէջ աւելի բարձր են համեմատական թիւերը, որովհետեւ հոս շատ պատերազմ տեղի ունեցած է: Ապա սահմանեց ընկճուածութիւնը եւ ըսաւ, որ ենթական միշտ տխուր կ՛ըլլայ, չի կրնար լաւ աշխատիլ եւ ընտանեկան ու ընկերային յարաբերութիւնները կը վատթարանան: Նոյնիսկ երբեմն մարդիկ կը հեռանան այդ մարդոցմէ:
Ընկճուածութիւնը երկու տեսակ կ՛ըլլայ, մէկ տեսակը` շատ լուրջ, իսկ միւսը կ՛ըլլայ աւելի թեթեւ: Անոնցմէ ոմանք արագ կը բուժուին, իսկ այլ պարագաներու երկար տարիներ մարդոց հետ կ՛ապրի: Ան կը պատահի բոլոր տարիքի անձերու մօտ` տղամարդոց եւ կիներու մօտ:
Դասախօսը նշեց, որ տրամադրութեան, ծննդաբերութեան, եղանակային, մեծերու եւ ներգաղթեալներու ընկճուածութեան տեսակներ կան: Ապա անդրադարձաւ յատկապէս տարիքով մեծ անձերու եւ հայ ներգաղթեալներու մասին: Ան յայտնեց, որ հայերը կարգ մը քաղաքներու մէջ ընկճուածութիւն կ՛ունենան, որովհետեւ փոքրամասնութիւն են: Ըստ հետազօտութեան մը, կիները աւելի ընկճուածութիւն կ՛ունենան ընտանեկան հարցերու պատճառով: Պատերազմի պատճառով յառաջացած ընկճուածութիւնը շատ դժուար է բուժել: Ան ըսաւ, որ Լիբանանի մէջ ժողովուրդին 17-25 առ հարիւրը ընկճուած է: Այս համեմատութիւնը աշխարհի հետ բաղդատած` բարձր է: Ասոր պատճառը ոչ միայն Լիբանանի պատերազմն է, այլ նաեւ` ներկայիս երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապը:
Ապա դոկտ. Անահիտ Տէր Վարդանեան-Քուլուիքին խօսեցաւ այն ձեւերուն կամ նշաններուն մասին, որոնցմով կարելի կ՛ըլլայ որոշել, թէ ենթական ընկճուածութիւն ունի՞: Կան հինգ հարցումներ, որոնց միջոցով կարելի կ՛ըլլայ ախտորոշել ընկճուածութիւնը: Ընկճուած կիներ տասը տարի այս հիւանդութիւնը կ՛ունենան եւ չի գիտցուիր:
Ի՞նչ են այն չափանիշները, որոնց միջոցով կարելի է բացայայտել ընկճուածութիւնը: Մնայուն տխուր, յուսահատ, ուժաթափ, յոգնած են, ծանրութիւն կը կորսնցնեն, խղճի խայթ կ՛ունենան: Այս անձերը նոյնիսկ անձնասպան կ՛ըլլան: Ընկճուած մարդիկ կը ծխեն, ալքոհոլ կը գործածեն: Մահուան պարագաները, ծնողք-զաւակ յարաբերութեան վատթարացումը կամ բաժանումը ընկճուածութիւն յառաջացնող ազդակներ են: Ընդհանրապէս ընկճուած մարդիկ կ՛արտայայտուին, որ տարբեր մարմնական ցաւեր ունին: Անոնք երբեմն շատ կ՛աշխատին մոռնալու համար իրենց վիճակը: Հոգեբաններու մօտ երթալը չի նշանակեր, որ ենթական խենթ է: Հիմա հոգեբան բառը փոխարինուած է դարմանատնային խորհրդատուով, որպէսզի ընկճուած անձեր կարենան այցելել անոնց եւ խօսիլ իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին: Ընտանիքը եւ միջավայրը նոյն ատեն պէտք է օգնեն այս անձերուն եւ մտիկ ընեն զիրենք` գիտնալէ ետք ախտանշանները: Ապա պէտք է առաջնորդել հոգեբանի: Պէտք չէ մեղադրել զիրենք: Անասունները երբեմն իրենց դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենան ընկճուած մարդոց վրայ: Ձեռագործ գործելը շատ լաւ է: Սակայն ծերերուն համար ամէնէն աւելի ուրախութիւն պատճառող ազդակը իրենց թոռնիկները տեսնելն է: Ներկայիս Միացեալ Նահանգներու ծերանոցներուն մէջ ծերերուն պուպրիկ կու տան, որպէսզի իրենց անցեալի յիշողութիւնը ապրին: Այնճարի կամ այլ գիւղի մէջ ապրող մարդիկ կրնան քալել, խնձոր քաղել եւ իրենց կեանքի ձեւը փոխել, որպէսզի կարենան յաղթահարել ընկճուածութիւնը:
Դասախօսութեան աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին դասախօսին:
Ապա սննդագէտ Սարին Շէկեանը խօսեցաւ դեկտեմբեր ամսուան զուգադիպող ինֆլուենզային միջազգային օրուան մասին: