News & Events

ԼՕԽ-ի "Արագած" մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ընկերային հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 11 Մարտ 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին, "Ս. Գալայճեան" սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան մասնաճիւղի ներկայացուցիչ` ընկհ. Մարալ Երէցեանի։ ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհի` ընկհ. Նուրիձա Դանիէլեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա հրաւիրեց քահանայ հայրը օրհնելու օրուան ճաշը։ "Ս. Սարգիս" եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ` Տէր Ներսէս Քհնյ. Վասիլեան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ "Մեծ Պահք"-ի մասին։

Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն։ Երգիչ Հրակ Քէրսոյեան իր երգերով ճոխացուց մթնոլորտը։ Ներկաները ուրախ տրամադրութեամբ բաժնուեցան, դարձեալ հանդիպելու ակնկալութեամբ։

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases