Chapters

ԼՕԽի Սեւան Մասնաճիւղ

Սեւանայ լիճը ճանչցուած է Կովկասի ամենամեծ լիճը եւ աշխարհի քաղցրահամ ամենաբարձր լիճերէն մէկը:

Սեւանայ լիճին մէջ կը թափին 28 գետեր որոնցմէ նշանաւոր են-Ձկնագետը, Գաւառագետը, Արգիճին, Վարդենիսը, Մասրիկը եւ Արփա Սեւանը: Ժամանակի ընթացքին լիճը կրած է զգալի փոփոխութիւններ: Սեւանայ լիճի ջրաբանական կանոնաւոր ուսումնասիրութիւնները սկսած են 1926 թ ուականին: «Արփա Սեւան» ջուրի տարեկան հաշուեկշիռը դրական է եւ գոհացուցիչ, կ’օգտագործուի ելեկտրականութիւնը ստանալու համար, Հրազդան գետի միջոցաւ որ կը բխի Սեւանայ լիճէն:

Սեւանայ լիճը ափէն դիտուած, շատ գեղեցիկ է, ջուրը վճիտ իսկ գոյնը կապոյտ-կանաչ:Լճի ափին կը գտնուի չորս գործող ձկնաբուծարաններ, որոնք ամէն տարի լիճ կը ներածեն միլիոնաւոր ձկնիկներ, նաեւ ափերուն կան հանգստեան տուներ եւ ճամբաներ, իսկ եզերքին կը բարձրանան, Արեգնիդ, Վարդենիս եւ Գեղամայ լեռնաշղթաներ: Սեւանայ լիճի թերակղզին նախապէս կղզի էր ուր վանք մը կայ, ներկայիս ան կը գործէ եւ վանքը կը կոչուի «Վազգէնեան դպրավանք»:

Մասնաճիւղը Հիմնուած է 1941-ին ,Լիբանանի ծովեզերեայ ‘’Ճիւնի’’ քաղաքին մէջ:

Առաջին վարչական կազմը եղած է՝ Արուսեակ Սուգիասեան, որ մասնաճիւղի հիմնադիրը կը նկատուի, Սանդիկ Պալեան, Աստղիկ Սաաթճեան, Ալիս Աթէշեան, Անդուանէթ Հաստաճեան, Լուսին Գազանճեան, եւ Վարդուհի Մահլիկեան:

Կը գործէ Հ.Յ.Դ ’’Հրայր Մարուխեան ’’ կոմիտէի հովանիին տակ: իր ժողովներն ու ձեռնարկները կը գումարէ Ճիւնիի Հ.Մ.Ը.Մ –ի ակումբէն ներս:

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases