Chapters

ԼՕԽի Շուշի Մասնաճիւղ

Տասնամեակներէ ի վեր ազերիական քաղաքի վերածուած, սակայն այսօր Հայ գիւղացիներով յորդող ու Հայկականացած Շուշին, կը գտնուի Ղարաբաղի լեռնաշղթայի նախալեռներուն մէջ, Գորիս – Ստեփանակերտ խճուղիին վրայ, Ստեփանակերտէն 11 ք.մ. հեռաւորութեամբ: Ան կը նմանի դիտակէտի, որ բարձունքի վրայ նստած կ’իշխէ շրջապատին՝ շրջապատուած անդնդախոր կիրճերով:

Ներկայիս, վեց հազար բնակիչներով օժտուած Շուշին, ունի մանկավարժական եւ երաժշտական ուսումնարաններ, գրադարաններ, մշակոյթի տուն եւ կաշիի գործարան: Ան գորգագործութեան կեդրոն է եւ Ղարաբաղի մետաքսի գործուածքային արտադրամասը հոն կը գտնուի:

1988-ին կը պայթի Արցախեան պայքարը, շնորհիւ հազարաւոր նահատակներուն, Արցախը կը թօթափէ Ազրպէյճանի լուծը, որով ծնունդ կ’առնէ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը:

Արցախի տառապող հողին համար թափած արիւնները, կ’ոռոգեն նաեւ անոր նշանաւոր քաղաքներէն՝ Շուշիի հողը եւ 8 Մայիս, 1992-ին առանձնացած Շուշի եւս խաւարէն կը յայտնուի լոյս աշխարհ: Հակառակ իր բարձր ու դժուար հասանելի դիրքին, հայ ֆետայիները ամէն ջանք ի գործ դնելով կը հասնին հոն եւ իրենց ոտքերը կը հանգչեցնեն Շուշիի փափուկ հողին վրայ, ողջ հայութեան դիմաց բանալով դրախտի նոր դարպաս մը: Այսպիսով, Շուշին կրնանք համարել այն հերոսական քաղաքը, որ դարձած է երիտասարդութեան գործնական պայքարի դաշտը: Անոր ազատագրումով, Հայ դատի պայքարը նոր նուաճում մը կ’արձանագրէ, տոգորելով Հայոց սրտերը յոյսով եւ փայլուն ապագայի տեսլականով:

Հիմնուած է 1937 –ին :

Առաջին վարչութիւնը կը բաղկանայ հետեւեալ ընկերուհիներէն՝ Լուսին Հայթայեան՝ Ատենապետուհի, Նուէր Բալուլեան՝ատենադպիր, Սաթենիկ Միքայէլեան՝ Գանձապահ, Ազատուհի արշակունի եւ Ազատուհի Թուրսարգիսեան՝ խորհրդականներ :

1975-ին ”Զահլէի” մասնաճիւղը կը միանայ” Շթորային ”եւ կը կոչուի” Զահլէ-Շթորա” Մասնաճիւղ: Հետագային կը կոչուի ”Շուշի”:

Ան կը գործէ Զահլէի հայ կեդրոնին մէջ, Հ.Յ.Դ ”Արամ” կոմիտէի հովանաւորութեան Տակ:

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases