Chapters

ԼՕԽի Նայիրի Մասնաճիւղ

14-11-րդ (ն.ք.) դարերուն Վանայ լիճի աւազանին, յատկապէս անոր հարաւ-արեւմտեան մասին մէջ կ’ապրէին բազմաթիւ ցեղեր: Անոնք կը միանային՝ Ասորեստանի կողոպտիչ արշաւանքներուն դէմ պաշտպանուելու համար: Ցեղերու այդ դաշնակցութիւնը կը կոչուէր Նայիրեան, իսկ երկիրը Նայիրի, Վանայ լիճը եւս այդ շրջանին կը կոչուէր Նայիրի ծով: Ասորեստանի թագաւորներէն մնացած սեպագիրներէն ի յայտ կուգայ որ Նայիրի միութիւնը 20,40 եւ մինչեւ 60 ցեղերէ բաղկացած ուժեղ կազմաւորում մըն էր: Նայիրի երկրի մասին ընդարձակ տեղեկութիւններ կուտայ Ասորեստանի Թիկլատ-Պալասար Ա. Թագաւորին (1115-1077) տարեգրութիւնը: Ան երեք արշաւանքներ կը կատարէ եւ Տիգրիսի ակունքներէն կը հասնի մինչեւ ճորոխ գետի աւազանը: Իրեն դէմ դուրս կուգան Նայիրի ցեղային միութեան զօրքերը: Ճակատամարտը վերջ կը գտնէ Նայիրցիներու պարտութեամբ:

Ասորեստանեան միւս արձանագրութիւններէն յայտնի կը դառնայ, որ Նայիրեան ցեղերու տնտեսութեան հիմքը երկրագործութիւնն էր, մասնաւորաբար անասնապահութիւնը: Մարտակառքերու զէնքերու եւ տարուած աւարի մասին եղած վկայութիւնները ցոյց կուտան նաեւ արհեստներու գոյութիւնը: 11-10-րդ (ն.ք.) դարերուն Նայիրի տեղը կը գրաւէ Ուրուատրի (Ուրարտու) ցեղային միու թիւնը: Ան կը բաղկանար ութ ցեղերէ եւ կը գտնուէր Վանայ լիճի հարաւ արեւելեան տարածքին:

Հիմնուած է 1962-ին , Պէյրութի Անթիլեաս շրջանին մէջ: Հիմնադիր վարչական կազմն է . Մարի Սէթեան, Մարի Ռոզ Գալայճեան, Գաթրին Գըլըճեան, Էլիզ ուտէշեան, Շաքէ Թոքաթլեան, Վարդ Սիսեռեան, Կատար Գրիգորեան, Անգինէ Չոլաքեան:

Մասնաճիւղը կը գործէ ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէի հովանիին տակ եւ իր ժողովները կը գումարէ ՀՄԸՄ-ի « Աղբալեան» համալիրին մէջ, ուր սենեակ մը տրամադրուած է իրեն:

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases