Chapters

ԼՕԽի Մեղրի Մասնաճիւղ

Քաղաքատիպ աւան կը գտնուի Մեղրի գետի ստորին հոսանքի աջ ափին: Շատ կարեւոր դիրք մը ունի, Երեւանէն 264 քլմ. հեռու:

Մեղրիի մէջ բնակչութիւնը գոյութիւն ունէր նախնադարէն: Մեղրիի մէջ կան եկեղեցիներ ինչպէս Ս. Աստուածածին, Ս. Յովհաննէս: Մեղրի հարուստ է մեղրատու բոյսերով, որոնցմով մեղուները ծաղկափոշի եւ նեկտար կը հաւաքեն:

Մեղրիի մէջ կը գործեն բամպակազտիչ եւ խճաքարերու գործարանները: Կան նաեւ պահածոներ, գինիի, պանիրի, հացի գործարաններ: Գիւղատնտեսութիւնը կը կազմէ շրջանի արդիւնաբերութեան 13%-ը:

Մեղրիի մէջ կան հիւանդանոցներ, դեղատուներ, դպրոցներ, գրադարան եւայլն: Մեղրին ունի իր յատուկ բարբառը: Ներկայիս Մեղրին Հայաստանի հարաւային դարպասն է: Պարսկաստանի հետ առեւտրական կապերու յատուկ եւ միակ ճամբան բացուելու համար հարաւային արտաքին աշխարհին, ցամաքի ճամբով:

Մասնաճիւղը հիմնուած է 1930 –ին, ’’ Պէյրութի ’’ մասնաճիւղ անուան տակ :

Առաջին վարչութեան անդամներն են Հեղուշ Փափազեան ՝ատենապետ, Խորէն Սուգիասեան ՝ատենադպիր, Տիգրան Մավիսագալեան՝ Գանձապահ, Տոքթ.Բենեամին Գուլաքեան,Տոքթ. Մելքոն Հայրապետեան, եւ Աղաւնի Փափազեան՝ խորհրդականներ :

1996 –ին սոյն մասնաճիւղը կ՛անուանուի ’’Մեղրի’’: Ան կը գործէ Պէյրութի ’’Նշան Փալանճեան’’ կեդրոնէն ներս :

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases