Chapters

ԼՕԽի Հեղուշ Փափազեան Մասնաճիւղ

Հեղինէ ծնած է Երեւան 1892-ին: Ազգային Հայրենասիրական մթնոլորտով ընտանիքի մը մէջ հասակ նետած է Հեղուշ, որոնց տունը ծանօթ եղած է իբրեւ Դաշնակցութեան տունը ուր ապաստան կը գտնէին դաշնակցական գործիչներ:

1905-1906-ին Հեղուշ կ’անդամակցի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աշակերտական միութեան, կարմիր խաչ գաղտնի կազմակերպութեան,եւ եկսեռ երիտասարդութեան կազմակերպութեան:

Հեղուշ բժշկութիւն կ ուսանի Մոսկուայի համալսարանին մէջ: 1916-ին, Թիֆլիսի մէջ կ’ամուսնանայ, Կոմսի՝ Վահան Փափազեանի հետ: Կամաւորական շարժման ընթացքին ,Հեղուշ իր մասնակցութիւնը կը բերէ՝ կամաւորներուն կարիքները, հոգալով, եւ, մղիչ ոգին կը հանդիսանայ կիներու եւ օրիորդներու յանձնախումբերուն:

1918-ին, թրքական զօրքին Սարիղամիշ մօտենալուն պատճառով, հայերը կը սկսին նահանջել դէպի հիւսիսային Կովկաս: Հեղուշ կը հետեւի գաղթականներուն՝ բժշկական օգնութիւն հասցնելու: 1919-ի ամառը կը վերադառնայ Հայաստան:

Հայաստանի խորհրդայնացման օրերուն Կոմս իբրեւ պատուիրակ կ’երթայ Փարիզ, իսկ Հեղուշ կը մնայ Երեւան: 1922-ին Փափազեանները կը հաստատուին Փարիզ: Փարիզի մէջ Հեղուշ Փափազեան կը մասնակցի կապոյտ խաչի կազմակերպական աշխատանքներուն: Իսկ 1930-ին, Կոմսի նախաձեռնութեամբ հիմը կը դրուի Հայ Օգնութեան Խաչի Պէյրութի մասնաճիւղին,: Աւելի ուշ, հիմը կը դրուի Լ.Օ.Խ.ի Քարանթինայի դարմանատան:

Կեանքի վերջին շրջանը կ’անցնէ Պէյրութ եւ կը նախաձեռնէ գաւարական տարազներու նկարագրական աշխատանքին: կը մահանայ 1983 Ապրիլին:

Հիմնուած է 1979-ին , Ռաուտաեի շրջանին մէջ:

Առաջին վարչական կազմն է՝ Մարի Քէշիշեան ( ատենապետուհի), Բրաբիոն Կապաճուզեան ( փոխ ատենապետուհի), Ալիս Թէմպէլեան(քարտուղարուհի), Ովսաննա Ալաճանեան(հաշուապահուհի), Մարգրիտ Ղազարեան, Սիրվարդ Թութուշեան, Անժէլ Պոնոյեան, Ռիթա Թապագեան ( խորհրդականներ):

Ան կը գործէ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէի ակումբին մէջ:

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases