Chapters

ԼՕԽի Հայաշէն Մասնաճիւղ

Ջարդէն ճողոպրած եւ Լիբանան հաստատուած հայութիւնը, հետզհետէ կը տարածուի Պէյրութի շրջակայքը դէպի Էշրէֆիէ եւ Պուրճ Համուտ:

Էշրէֆիէի բլուրներէն (քարմ էլ զէյթուն) կոչուած ընդարձակ հողաշերտին վրայ 1929-30ական թուականներուն կը կառուցուին քարաշէն տուներ: Շրջանը զուտ հայաբնակ ըլլալով պատասխանատուներ զայն կ’անուանեն Հայաշէն:

1937-ին կը հիմնուի Լ.Օ.Խ.- ի Հայաշէն մասնաճիւղը, երկար տարիներ ան կը ճանչցուի իր շրջանին անունով, իսկ հետագային Լ.Օ.Խ.-ի Շրջ. Վարչութիւնը երբ կ’առաջարկէ իւրաքանչիւր մասնաճիւղ յատուկ անուն ունենայ, Հայաշէնցիք կ’ուզեն պահել իրենց Հայադրոշմ տեղայնական անունը եւ մասնաճիւղը դարձեալ կը կոչեն Լ.Օ.Խ.-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղ:

Մասնաճիւղը հիմնուած է 1937– ին :

Առաջին վարչութեան անդամներն են- ատենապետ՝ Սուրէն Գարաքէլլէեան, ատենադպրուհի՝ Արուսեակ Օհաննէսեան, Գանձապահ ՝ Մաքրուհի Թէճիրեան, Խորհրդականներ՝ Աննիկ Սինանեան, Լիբանուհի Տօնապետեան:

Կը գտնուի Էշրէֆիէ-ի մէկ բարձունքին վրայ, հայաշէն թաղամասը իր մէջ կ՛ընդգրկէ Սիուֆին, Ֆասսուհը, Սէսինը մինչեւ Սօտէքո :

Կը գործէ Հ.Յ.Դ-ի ”Ռոստոմ” ակումբին մէջ :

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases