Chapters

ԼՕԽի Գայեանէ Մասնաճիւղ

Ըստ հայոց պատմիչներուն, Հռոմի Ս. Պօղոս առաքեալի վանքին մէջ աղօթական կեանքով կ’ապրէին շուրջ 300 կոյսեր, որոնց մեծաւորուհին էր ՝ Գայեանէ անունով կոյս մը: Փոքր տարիքին այս վանքին մէջ կը մեծնար թագաւորական ծագում ունեցող սքանչելի գեղեցկութեամբ օրիորդ մը՝ Հռիփսիմէ անունով:

Հեթանոս կայսրը հմայուած Հռիփսիմէի գեղեցկութենէն կ’ուզէր հետը ամուսնանալ. Կայսեր հետապնդումներէն փախչելով Գայեանէ եւ Հռիփսիմէ շուրջ 70 կոյսերու հետ կը ձգեն Հռոմը եւ կը հասնին ՝ Հայաստան. Ապա Հայոց մայրաքաղաքը Վաղարշապատ եւ կ’ապրին այգիներուն մէջ:

Կայսրը կը խնդրէ Հայոց Տրդատ Թագաւորէն որ գտնէ Հռիփսիմէն եւ ուղարկէ իրեն,: Տրդատ Թագաւոր կը յայտնաբերէ փախստական կոյսերը եւ, մեծ ցանկութեամբ լցուելով կ’ուզէ ամուսնանալ Հռիփսիմէի հետ. Սակայն կոյսերը կ’ընդիմանան,: Ի վերջոյ կը հարամայէ բերել Գայեանէն Հռիփսիմէն եւ 32 այլ կոյսերը աննկարագրելի չարչարանքներու ենթարկելէ վերջ գլուխները սուրով հատել կու տայ : Հետագային հայոց արքան դիւահար վ իճակի մէջ կ’աղաչէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին որ խոր վիրապէն ելլէ, եւ զինք բժշկէ :

Հայաստանեաց եկեղեցին Գայեանէն սրբուհի դասեց եւ Էջմիածնի վանքին կից՝ կառուցել տուաւ Ս. Գայեանէ եկեղեցին:

Մասնաճիւղը հիմնուած է 1977 –ին , կը գործէ Հ.Մ.Ը.Մ –ի ’’Աղբալեան’’ համալիրէն ներս :

Մասնաճիւղի շրջանն է Պէյթ-Գօգօ: Կը գործէ Հ.Յ.Դ ’’Հրայր Մարուխեան’’ կոմիտէութեան հովանիին տակ :

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases