Chapters

ԼՕԽի Աստղիկ Մասնաճիւղ

Աստղիկ դիցուհին «Նոյ Նահապետ»-ի դուստրը Վահագնի տարփածուն էր, Հայոց սիրոյ եւ ջուրի աստուածուհին, Աստղիկին կը նուիրէին վարդեր եւ աղաւնիներ: Վարդավառը Աստղիկի տօնն էր որ կը կատարուի մինչեւ այսօր ամառուայ կէսերուն համաժողովրդական մեծ հանդիսութիւններով, իրարու վրայ ջուր կը թափեն եւ կ՜ուրախանան:

Աստղիկը կը պատկերէին մերկ, շքեղ, չքնաղ, գեղեցկուհիի տեսքով, յաճախ լողացած ատեն: Ան ամէն գիշեր կը լողար Եփրատ գետին մէջ: Անոր սիրով տարուած երիտասարդ տղաները Տարօնի Դաղոնաց սարի վրայ գիշերները խարոյկ կը վառէին որպէսզի անոր լոյսին տակ կարենան տեսնել Եփրատ գետի մէջ լողացող դիցուհին եւ հիանան անոր չքնաղ գեղեցկութեան վրայ: Բայց Աստղիկ ամէն գիշեր Տարօնի դաշտը մշուշով կը պատէր որպէսզի ոչ մէկ օտար աչք կարողանայ տեսնել զինք:

Գարանթինայի մասնաճիւղը հիմնուած է 1935-ին. Առաջին վարչութեան անդամուհիները եղած են ատենապետուհի՝Նուարդ Քարծայր, քարտուղարուհի՝ Արուսեակ Քերոբեան, գանձապահ՝Արաքսի Պալեան, Խորհրդականներ՝Լուսիա Իզմիրլեան, Տիգրանուհի Մաքսուտեան, Երանուհի Չալեան, Ալիս Տէօվլէթեան:

Գարանթինայի 1967-ի հրկիզումէն ետք հիւղաւաններու բնակչութիւնը մաս մը կը փոխադրուի Մար Մխայէլի շրջանը եւ հոն Հ.Յ.Դ. ’’ Տիգրան Ծամհուր ’’ կոմիտէին հետ 1968-ին , կը հիմնուի ’’ Աստղիկ ’’ մասնաճիւղը :

Կը գործէ Հ.Յ.Դ. ’’ Տիգրան Ծամհուր ’’ ակումբին մէջ :

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases