Arakadz — News & Events

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Արագած» Մասնաճիւղ. Ծերերու Կաղանդ Պապուկի Հաւաքոյթ

ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի աւանդութիւն դարձած ծերերու Կաղանդ պապուկ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 23 դեկտեմբեր 2013-ի յետմիջօրէին Արագածի ժողովրդային Տան «Ս. Գալայճեան» սրահին մէջ: 140 կարիքաւորներ համախմբուելով մտերմաբար` մասնաճիւղի վարչութեան ներկայութեամբ հաճելի մթնոլորտով ուրախ ժամեր անցուցին: Վարչականները` շրջանի ԼՕԽ-ականներուն կատարած սրտաբուխ օժանդակութեանց շնորհիւ կարողացած էին համադամ ուտեստեղէններ սպասարկել…

Read more
ԼՕԽ-ի «Արագած» Մասնաճիւղի Ընկերային Հանդիպումը

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի վարչութեան հինգշաբթի 12 սեպտեմբեր 2013-ի առաւօտեան Արագածի ժողովրդային տան «Սարգիս Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընկերային հանդիպում մը, ներկայութեամբ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Մասիս Ծ. վրդ. Զոպույեանի, մասնաճիւղի մօտ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին, քոյր մասնաճիւղերու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն ու հիւրերու: Ձեռնարկին բացման` ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն…

Read more
Մայրերու Օր

Ուրբաթ, 3 մայիս 2013-ին, առաւօտեան Արագածի շրջանի Ժողովրդային տան «Ս. Գալայճեան» սրահը լեցուն էր հայ մամիկներով: Այդ օրը ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղը նշեց «Մայրերու օր» ձեռնարկը: Մասնաճիւղին վարչութիւնը ոչ մէկ ճիգ խնայած էր իրագործելու համար այս ձեռնարկը: Սրահի մուտքին բոլոր ներկաներուն մատուցուեցան նուէրներ: Սեղաններու վրայ զետեղուած փոքրիկ թաղարներուն ծաղիկներուն բոյրը տարածուած էր սրահին մէջ: Օրկանիստ Սեդօ Պաղտասարեանին…

Read more
«Արագած» Մասնաճիւղի Աշնանային Ձեռնարկ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Արագած» մասնաճիւղի վարչութեան, ուրբաթ, 23 նոյեմբեր 2012-ին տեղի ունեցաւ «Աշնանային ձեռնարկ» մը, «Արագած» ակումբի «Սարգիս Գալայճեան» սրահին մէջ: ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք վարչութեան ատենապետ Սիլվա Շիրինեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան, նաեւ` քաջալերելնուն սոյն ձեռնարկին, որուն…

Read more
ԱՐԱԳԱԾ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

ԼՕԽի Արագած մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Սիլվա Շիրինեան, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին` մաղթելով հաճելի ժամեր: Ան յայտնեց, որ ձեռնարկին նպատակն էր օժանդակութիւն տրամադրել շրջանի կարիքաւոր սաներուն, ինչպէս նաեւ` ընկերային դժուարութիւններ ունեցող ընտանիքներուն: Այս առիթով ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օգտակար դարձան ձեռնարկի յաջողութեան: Ապա օրուան պատգամը փոխանցեց…

Read more
Արագած մասնաճիւղի Աշնանային Հանդիպում

ԼՕԽի Արագած մասնաճիւղի վարչութիւնը 30 նոյեմբեր, 2010-ին կազմակերպեց Աշնանային հանդիպում մը Արագածի ժողովրդային տան Սարգիս Գալայճեան սրահին մէջ։ Վարչութեան ատենապետ Քնար Մակարեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ տօքթ Սիրուն Վարդապետեան, որ նախ արժեւորեց ԼՕԽի մասնաճիւղերուն կազմակերպած ձեռնարկներուն բնոյթը՝ ժողովուրդին գիտելիքները հարստացնելու եւ ուրախ մթնոլորտ ստեղծելու միտումով, ըլլան անոնք դասախօսութիւններ՝…

Read more