News & Events

Միջ-Վարչական ժողով

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան միջ-մասնաճիւղային Ա.ժողովը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Ազգ. Միացեալ վարժարանի սրահին մէջ, ներկայութեամբ մասնաճիւղերու վարչական ընկերուհիներու։

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ` ընկհ. Սիլվա Սապունճեան կատարեց Շրջանային Վարչութեան փոխանցումները։ Կազմակերպական յանձնախումբի ատենապետ` ընկհ. Մարալ Յովհաննէսեան խօսեցաւ <<Ատենապետի եւ Ատենադպիրի դերեր>>ուն մասին։ Ապա ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ`ընկհ. Նելլի Վէքիլեան կատարեց կարգ մը փոխանցումներ։ Աւարտին, իւրաքանչիւր մասնաճիւղի բաժնուեցաւ ԼՕԽ֊ի Շրջանային Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած ուղեգիծ թերթիկ մը, կազմակերպելու համար մասնաճիւղերուն առցանց քարոզչական աշխատանքները։

 

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases