News & Events

Միջ-Մասնաճիւղերու Վարչական Ա. Ժողով

Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան միջ-մասնաճիւղային առաջին ժողովը տեղի ունեցաւ մասնաճիւղերու վարչութիւններու ընտրութիւններէն ետք 25 Հոկտեմբեր 2018-ին , առաւօտեան ժամը 10:00–ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ մասնակցութեամբ մասնաճիւղերու վարչական ընկերուհիներուն:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլւա Սապունճեան բարի գալուստ մաղթեց ընկերուհիներուն եւ բացատրեց, թէ հանդիպումի նպատակն է իրարու ծանօթանալ, աւելի մօտենալ եւ կապերը սերտացնել:

Ան դիտել տուաւ, որ վարչութիւնները առաջին հերթին պէտք է մշակեն իրենց միամեայ գործունէութեան ծրագիրը, ի մտի ունենալով ԼՕԽ-ի առաքելութիւնն ու նպատակը: Անհրաժեշտ է նոր շունչ եւ նոր աւիշ ներմուծել միութեան, որպէսզի աշխատանքները հեզասահ ընթանան յաղթահարելով դժուարութիւնները, շեշտը դնելով խմբային աշխատանքի կարեւորութեան:

Ապա ներկայացուեցաւ Քարոզչական յանձնախումբի կողմէ պատրաստուած Լ.Օ.Խ. -ի 2019-ի պատի օրացոյցը:

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases