Chapters

ԼՕԽի Քարոզչական Յանձնախումբ

ԼՕԽ-ի Քարոզչական յանձնախումբը կ՛օգտագործէ բոլոր տեսակի առիթները ԼՕԽ-ի գործն ու դերակատարութիւնը ժողովուրդին սեփականութիւնը դարձնելու համար, իւրաքանչիւրիրականացած ձեռնարկի մասին մամուլով, ձայնասփիւռով, պատկերասփիւռով անդրադառնալով։

Կամաւորներու աշխատանքը գնահատելու եւ կամաւոր աշխատանքի գաղափարն ու բնոյթը երիտասարդ սերունդին աւելի մօտեցնելու նպատակով, կը նշէ «Կամաւորներու Միջազգային Օր»ը,նոր տարուան սեմին կը պատրաստէ ԼՕԽ-ի օրացոյցը, որ մշակոյթի եւ ազգային թեմաներով պատրաստուած յատուկ բնոյթ կը պարզէ։

Կը կազմակերպէ «Տարեկան Հանգանակութիւն» ծրագիրը, կը պատրաստէ երկամեայ «Տեղեկատու»ն, ուր կը ներկայացուի ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու, յանձնախումբերու, Ա.Պ.Ը.Բ. կեդրոնի եւՇրջանային Վարչութեան գործունէութիւնն ու ծրագիրը։

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases