Chapters

ԼՕԽի «Վ. Տէկիրմէնճեան» Խոհանոց Յանձնախումբ

2001-ին ԼՕԽ ի Շրջանային վարչութիւնը հայուհիին կարողականութիւնը զօրացնելու եւ անոր գործի կարելիութիւններ ստեղծելու մտադրութեամբ ձեռնարկեց ճաշ եփելու արուեստը սորվեցնող դպրոցի մըկազմակերպումին: Այդ նպատակով դիմում կատարեց «Էմ. Ի. Սի. Սի.»-ին` ներկայացնելով իր ծրագիրը, որ որդեգրուեցաւ, եւ կառոյցը տրամադրեց յատուկ պիւտճէ մը: ԼՕԽ ը կազմակերպեց նախնականխոհանոց մը, հրաւիրեց խոհանոցային արուեստին տիրապետող ականաւոր, կամաւոր հայուհիներ եւ սկսաւ իր դասընթացքին: Տարիներու ընթացքին այս ձեռնարկը տուաւ 50-է աւելի վկայեալներ, որոնցմէշատեր այսօր կը գործեն հաստատութիւններու թէ անհատական ձեռնարկութիւններու մէջ եւ կ՛ապահովեն անձնական որոշ եկամուտ մը:

Գործունէութեան Ընթացք

Ծրագիրը զարգացնելու եւ ԼՕԽ-ին եկամուտ մը ապահովելու մտադրութեամբ, դիմում կատարուեցաւ Լիբանանի մէջ Անգլիոյ դեսպանատան, որ ըմբռնելով ծրագրին կարեւորութիւնը` յետ քննարկման ընդունեցյատուկ գումարով մը օժանդակել խոհանոցը ընդարձակելու համար:

Եկամուտի միջոցներու փնտռտուքի ընթացքին, 2005-ին Պերճ Կիւլպէնկեանի փափաքով եւ նիւթական ներդրումով, ի յիշատակ իր ծնողներուն, ստեղծուեցաւ 100 կարիքաւոր եւ միայնակ ծերերու շաբաթը մէկօր ճաշ տրամադրելու ծրագիրը, որուն ամբողջական ծախսերը հոգաց բարերարը: Ծրագիրը սկսաւ փորձառական երեք ամսուան համար, շուտով վերածուեցաւ միամեայ ծրագրի եւ արդէն այժմ կը շարունակէգործել 8 տարիներէ ի վեր, միշտ Պերճ Կիւլպէնկեանի բարերարութեամբ:

Չորս տարիներ առաջ, երբ ծերերու թիւը հասած էր 150-ի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը հաւատալով ձեռնարկին` որոշեց 150 ծերերուն երկրորդ օր մը եւս ճաշ հրամցնել, ստանձնելով երկրորդ օրուանծախսերուն ամբողջութիւնը:

Այսօր այդ ծրագրէն կ՛օգտուին շուրջ 190 պարագաներ. նախապէս ճշդուած անօգնական ծերերուն շարքին աւելցած են բազմանդամ եւ կարիքաւոր կամ հաշմանդամ ունեցող ընտանիքներ, որոնցմէ 15-ը արաբքաղաքացիներ են, ըստ առաջին բարերարի սկզբնական խնդրանքին:

Խոհանոցի Տարածքի Ընդլայնում

Նկատի ունենալով ծրագրին անհամեմատ զարգացումն ու ընդլայնումը, կարիքը զգացուեցաւ նաեւ խոհանոցի ընդլայնումին: Այս ծրագրին իր նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը ցուցաբերեց ՎաչէՏեկիրմենճեան` ստանձնելով խոհանոցին տարածքին եւ նոր սարքաւորումներուն ամբողջական ծախսերը, որուն համար ալ խոհանոցը կոչուեցաւ իր մօր` Վարդուհի Տեմկիրմենճեանի անունով:

Խոհանոցը կը գտնուի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերա-բժշկական կեդրոնի ամբողջ ներքնայարկին վրայ, իր սպասման սրահով, ուր շաբթուան երկու օրերուն մեզի այլեւս հարազատ դարձած ծերունիներն ուպարագաները կու գան, իրարու հետ կը զրուցեն, լուրեր կը փոխանակեն` սպասելով ճաշի պատրաստութեան, շատ անգամ ալ` առաջարկելով իրենց գործակցութիւնը:

Անձնակազմ

Ծրագիրը կը վայելէ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անմիջական հովանաւորութիւնը, որ յատուկ յանձնախումբով եւ իր ներկայացուցիչով մօտէն կը հետեւի գործունէութեան: Յանձնախումբը կը բաղկանայ 10ընկերուհիներէ` բաժնուած երկու խմբակներու, որոնք իրենց ներկայութեամբ եւ գործերուն մասնակցութեամբ կ՛օժանդակեն ճաշերը պատրաստող 6 պաշտօնեաներուն` 3 պաշտօնեայ իւրաքանչիւր օրուանհամար: Ճաշ պատրաստողներէն ոմանք «Ճաշ եփելու արուեստը» ծրագիրին հետեւած աւարտականներէն են:

Քաջալերանք

Ընկերային ծանր հարց մը որոշ չափով մեղմացնող այս ձեռնարկը, բացի նուիրատու բարերարէն եւ քաղաքապետութենէն, կը վայելէ գաղութին ամբողջական քաջալերանքն ու աջակցութիւնը: Տխուր թէ ուրախառիթներով այս ծրագրին համար եղած սրտաբուխ նուիրատուութիւնները կը փաստեն այս իրողութիւնը, այլապէս անկարելի պիտի ըլլար 100 կամ 150 հոգիի համար եղած նիւթական ներդրումով հոգալ աւելիքան 190 պարագաները:

Մեր հայրենակիցները հաւատքով կը մօտենան Լիբանանահայ օգնութեան խաչի բոլոր ծրագիրներուն եւ նոյնքան կամ աւելի հաւատքով նիւթապէս կը մասնակցին անոնց:

Որքան յուզիչ է ամէն անգամ լսել մեր կարիքաւորներուն երախտագիտական եւ շնորհակալական խօսքերն ու օրհնութիւնները: Թող այդ բոլորէն բաժին երթայ մեր բարերարներուն ու բարեկամներուն եւ թողԱստուած անոնց պարգեւէ առողջութիւն, գործի յաջողութիւն եւ արեւշատութիւն:

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases