ԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» մասնաճիւղի (Սիս) կազմակերպած տարեկան վերջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 19 Մայիս 2015ին, շրջանի ակումբի սրահին մէջ։
Ձեռնարկը նուիրուած էր «Մայրերու Օր»ուան։ Սրահին մուտքին ներկաները դիմաւորուեցան կարմիր վարդերով։
Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարօ Մանճիկեան իր բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Վարդուհի Տէվէլեանի եւ ներկաներուն, ապա բեմ հրաւիրեց օրուան պատգամը փոխանցող դասախօս՝ ընկհ. Տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը։
Ընկերուհին իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նախ, թէ հայերը մայրերու օրը սկսած են տօնել Քրիստոսէ առաջ՝հեթանոսական դարերէն ,«անահիտ» չաստուածուհին եւ մինչեւ օրս զայն փոխարինած են Մարիամ Աստուածածինով ։ Տարբեր ժողովուրդներ տարբեր թուականներու սկսած են տօնել մայրերու օրը։
Ապա դասախօսը բացատրեց մայրանալու եւ մայրութեան տարբերութիւնը յիշելով մայրութեան առաքելութիւնները, անոնց մէջ աւելցուց այժմու մայրութեան դժուարութիւնները յաղթահարելու ժամանակակից տեսակաւոր մոլութիւնները , թելադրեց ներկաներուն, որ հայեցի դաստիարակութիւն տան իրենց զաւակներուն ու թոռներուն, մղեն զանոնք հայկական վարժարաններ եւ կազմակերպութիւններ, անոնց մէջ թուելով ԼՕԽ-ը, որպէսզի ծառայեն իրենց ազգին եւ ինչու չէ տէր կանգնին հայկական դատին եւ շարունակեն սկսուած սուրբ աշխատանքը,որովհետեւ Հայ մօր դերակատարութիւնը շատ մեծ է մեր ազգային կեանքին մէջ աւելցուց ան:Իսկ ծնողքի մը կենդանի օրինակ ըլլալու իրականութիւնիր իր զաւակներուն համար ան ճիշդ եւ կարեւոր նկատեց:
Ձեռնարկը հայկական երգերով ճոխացուց երիտասարդ երգիչ՝ Նժդեհ Պոտրումեան։
Ընկհ. Սիլվա Թագւորեան, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան նախկին ատենապետուհին, որ հիւրաբար Լիբանան կը գտնուէր,ներկայ ըլլալով ,մօր նուիրուած երգով մը յաւելեալ փայլք տուաւ ձեռնարկին։
Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն , վիճակաձգութիւն եւ կատարուեցաւ նուիրատուութիւններ։









