«Մայրերու Օր»-ուան Արժանաւոր Յարգանք ԼՕԽ-ի Ընտանիքին Մէջ

Մայիս ամիսը տարբեր խորհուրդ եւ իմաստ ունի հայ ժողովուրդին համար: Գարնանային այս վարդաբոյր  ամսուան ընթացքին կը յիշենք մեր պատմութեան յաղթապանծ տարիները, օրերը: Աշխարհի համն ու բոյրը հանդիսացող մայրն ու մայրութիւնը կը փառաւորուին մայիսին` նոյն ատեն փառաւորելով Աստուածամայրը:

Այս գիտակցութեամբ զինուած, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերը մայիս ամսուան ընթացքին տարբեր նախաձեռնութիւններով եւ ձեռնարկներով նշեց նուիրեալ ու թանկարժէք էակներով` մայրերուն տօնը:

 

 

 

«Աշխէն» Մասնաճիւղ

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Աշխէն» մասնաճիւղը (Նոր Մարաշ) յարգեց աւանդութիւնները, 22 մայիս 2014-ին հրաւիրեց իր անդամուհի մայրերը, մեծ մայրերը` նաեւ` բարեկամուհիները, միասնաբար յիշելու մեր մայրերը, Միութեան ծառայած անցեալի եւ ներկայի մայրերը: Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան հանդիսասրահին մէջ:

ԼՕԽ-ի քայլերգը երգեցին ներկաները` խմբական ձայնակցութեամբ, ապա վարչութեան ատենապետուհի Իսկուհի Գափլանեան կատարեց բացման խօսքը, որ գեղեցիկ բանաձեւումն էր մայրութեան, մասնաւորաբար` հայ մօր:

Հանդիսութիւնը ունեցաւ երկու բաժին. գեղարուեստական որակաւոր յայտագրին միացաւ բանախօսական բաժին: Երգն ու երաժշտութիւնը ներկայացուց Գէորգ Պաղտասարեան` հայկական ազգային, գաւառական, աշուղական եւ հայրենասիրական երգացանկին հետեւողութեամբ:

Գեղարուեստական յայտագրին բացումը կատարեց ասմունքող Մարալ Վարդապետեան, ներկայացնելով մօր նուիրուած քերթուածներ` Աւ. Իսահակեանէն, Շիրազէն, երգերը քաղուած են բանաստեղծութիւններէն կենդանի կերպարը ներկայացնող հայ մօր:

Օրուան բանախօսն էր Շահանդուխտ. ան իր խօսքին առաջին մասով ներկայացուց հայոց պատմութեան ընթացքին մայիս ամսուան մէջ իրագործուած յաղթանակները: Յիշեց 1918 մայիս 28-ին հռչակուած Հայաստանի առաջին անկախութիւնը, իրագործուած` հայ ժողովուրդի զաւակներուն հերոսական սխրանքով, դիմադրելով թրքական բանակի ոտնձգութիւններուն, որ արեւմտեան Հայաստանը իւրացնելէ եւ մէկուկէս միլիոն հայեր ջարդելէ ետք կը նկրտէր գրաւել Երեւանը եւ համայն Հայաստանը:

Շահանդուխտ անդրադարձաւ նաեւ ղարաբաղեան յաղթանակին, Շուշիի ազատագրման, որ իրագործուեցաւ հայ երիտասարդներու նահատակութեամբ: Ան համառօտ պատմականով մը ներկայացուց Շուշիի արժէքը իբրեւ մշակոյթի, կրթութեան եւ արուեստի կեդրոն բնօրրանի մը:

Իր խօսքին երկրորդ մասը յատկացուց հայ մօր առաքելութեան, որ կը յատկանշուի նուիրումով, անձնդիր զոհաբերումով: Ան նոյն ատեն բաղդատական ըրաւ 1940-ական թուականներէն   գաղութահայ մեր կեանքին սկզբնական ձեւաւորումի տարիներէն մինչեւ օրս հայ ժողովուրդին մանուկներ ընծայող մայրերուն, որոնք նուազագոյնը կը ծնէին 5-6 զաւակ, չքաւորութեան եւ ոչ բնական կենսաձեւով ապրող մեր ժողովուրդին: Այս աճը մեր թիւին սկսաւ նուազիլ 1960-ական թուականներէն սկսեալ` վերածուելով առաւելագոյնը երեք ծնունդի: Լիբանանի  պատերազմը պատճառներէն գլխաւորը եղաւ մեր աճին նուազումին: Առաւելագոյն` երկու զաւակ, յետոյ` մէկ զաւակ` 2000 տարեթիւէն սկսեալ, կամ` ոչ զաւակ:

Դարը, տարիները, պայմանները փոխուած են, եւ այդ ամէնը` ի վնաս մեր աճին, մեր մանկապարտէզներու թիւի անկումին: Այսուհանդերձ, բանախօսուհին թելադրեց մեր երիտասարդ մայրացուներուն, որ չըլլան այդքան ժլատ, գոհունակութիւն, հանդուրժողութիւն եւ նուիրում արտայայտեն յանուն ազգին աճին: «Եթէ յետեղեռնեան տառապած մեր մայրերը չըլլային անձնուէր, մեր թիւը սփիւռքի մէջ պիտի հալէր: Ներկայիս նիւթապաշտութիւնը գերազանց է եւ կը նուաստացնէ մեր արժէքները, մասնաւորաբար` մեր թիւին աճումը…

Ուրախ մթնոլորտը ճոխացուցին Տինա Հատտատ, որ քնքուշ ձայնով մեներգեց. Արմինէ Խառնըլեան նոյնպէս երգեց մայրերուն նուիրուած երգեր, ինչպէս նաեւ` քնարաշունչ, աշուղական երգեր: Մարինէ Ասայեան արտասանեց մօր ձօնուած բանաստեղծութիւն մը:

Յայտագրի ընթացքին յիշուեցաւ մօտալուտ Համբարձման տօնը, վարչութեան պատրաստած «Ջան գիւլիւմ»-ի քառեակներ ստացան ներկաները, Իսկուհի Գափլանեան ներկայացուց անցեալի աւանդութիւններ, հեքիաթ մը, Համբարձման տօնին նկարագրութեամբ:

Գաւառական երգերու կշռոյթով ներկաները կատարեցին շուրջպարեր, որոնց մասնակցեցան խմբական երգերով` քարաօքէի երգեցողութեամբ:

Կէսօրուան ճաշը մատուցուեցաւ, ապա շարունակուեցաւ տօնը: Աւարտին, կատարուեցաւ վիճակահանութիւն, բազմաթիւ եղան բախտաւորները:

Նախքան մեկնում` ներկաները ստացան փոքր թաղարներով ծաղկած ծաղիկներ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ նուէր` մայրերուն:

Ամէն տեսակէտով` բացառիկ նկատուած մտերմիկ եւ հարազատ տօնակատարութիւն մը: Սրահէն մեկնողները իրենց գոհունակութիւնը եւ շնորհաւորութիւնները յայտնեցին «Աշխէն» մասնաճիւղի վարչութեան: