«Մայիս ամսուան ձեռնարկ»

Կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի «Արազ» մասնաճիւղի վարչութեան , Երեքշաբթի, 19 մայիս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, տեղի ունեցաւ, մասնաճիւղի Մայիս ամսուան ձեռնարկը «Սօսի Մարտիկեան»սրահին մէջ Պաուշրիէ:

Սրահի Մուտքին հրաւիրեալները ստացան Եռագոյն վզկապներ եւ նուէրներ:

ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս խմբային երգեցողութենէ ետք, բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ.Լենա Արամ, եւ շնորհաւորեց բոլոր մայրերը եւ մասնաճիւղի անդամուհիները ապա կենսագրական հակիրճ կէտերով ներկայացուց օրուան դասախօսուհին՝ ընկհ.Սօսէ Ճինպաշեանը:

Դասախօսուհին իր խօսքին սկիզբը հայ ժողովուրդի գոյատեւումը պայմանաւորեց հայրենիքի պաշտպանութեամբ եւ մայրենի լեզուի պահպանութեամբ: Ան նկատել տուաւ, որ մեր հայրենիքի պաշտպանութիւնը եւ Շուշիի ազատագրումը իրականացաւ իրենց կեանքը զոհաբերած ազատամարտիկներու շնորհիւ:

Իսկ մենք սփիւռքեան պայմաններուն մէջ մեր հայրենիքի պաշտպանութիւնը կ՝երաշխաւորենք հեռու մնալով ձուլումի ու քաղքենիացման վտանգներէն, որ մեծ մարտահրաւէր կը սպառնայ մեր գոյութեան,եւ հրամայական պահանջք նկատեց մայրենի լեզուին, ազգային արժէքներուն, աւանդութիւններուն ու բարոյական սկզբունքներուն անաղարտ պահպանումը, որովհետեւ ըսաւ ան՝ «ազգի մը պատկանելիութեան անձագիրը իր սեփական լեզուն ու հայրենիքն է»:

Իր խօսքի աւարտին ան ընթերցեց Ժագ Յակոբեանի եւ Խրախունիի քերթուածներէն հատուած մը:

Աւարտին մասնաճիւղի երէց ընկհ. Մանուշակ Քէշիշեան յուզումով ներկայացուց Պարոյր Սեւակի «Մօր Ձեռքերը» քերթուածը: