ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբը գործակցաբար Ա.Պ.Ը.Բ. կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին , կազմակերպեց յետ տարեկան ,առողջապահական դասախօսական շարքերուն, մարմնամարզանքի դասընթացք մը :
Սոյն նախաձեռնութենէն պիտի օգտուին
դասախօսական շարքին ներկայ գտնուող 15 տիկիններէ բաղկացած խումբ մը:
Դասընթացքը ընթացք առաւ չորեքշաբթի ,15 Ապրիլ 2015- ին ԼՕԽ –ի Ա.Պ.Ը.Բ. կեդրոնի“Թնճուկեան” սրահին մէջ ,4-րդ յարկ, առաւօտեան ժամը 10:30-ին ,եւ պիտի շարունակուի ամէն չորեքշաբթի օրերը նոյն վայրին մէջ եւ նոյն ժամուն:
Մարզանքի ուսուցչուհին է , տիկ. Ցոլիկ Բատոյեան, որ տարեցներու յատուկ ցուցմունքներով եւ հոգատարութեամբ,կը խանդավառէ մասնակցողները :




