ԼՕԽ-Ի Առօրեայէն. «Աղթամար» Մասնաճիւղ

Ընկերային Հաւաքոյթ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբին, 17 փետրուար 2012-ի երեկոյեան, «Մուսա լեռ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի առիթով կազմակերպուած հաւաքոյթ:

Մինչ դուրսը երկար ատենէ սպասուած ձիւնը առատօրէն կը տեղար` իր բարիքները սփռելով ամէնուրեք, ներսը հայկական երգերու ջերմ մթնոլորտ կը տիրէր: Ներկաներուն հոգիները կը լեցուէին Սայաթ Նովայի եղանակներով եւ Բարեկենդանի շունչով:

Օրուան հանդիսավարն էր Շ. Տէյիրմէնճեան. ան հաճելի անակնկալներով շէնցուց երեկոն: Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն եւ օրուան բախտաւորները ստացան արժէքաւոր նուէրներ:

Դասախօսութիւն

ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբը, պահեցողութեան եւ Բարեկենդանի նախօրեակին, մեծ ուրախութեամբ հրաւիրեց Այնճար աւանի եւ Զահլէի ԼՕԽ-ական ընկերուհիներն ու տիկինները` միասնաբար ապրելու եւ վերյիշելու մեր տոհմիկ աւանդութիւններն ու բարքերը:

Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 10 փետրուար 2012-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ:

Ներկայ էին մօտաւորապէս 100 հոգի:

Թեման բաժնուած էր երեք մասերու:

Լսել, Տեսնել Ու Համտեսել:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Ռիթա Լագիսեան, բարի գալուստի խօսքէն ու ձեռնարկի նպատակի բացատրութենէն ետք ան ներկայացուց ու հրաւիրեց Լիզա Թիւմպերեանը, որ փոխանցէ օրուան խորհուրդը: Լ. Թիւմպերեան լայն պատկերացումով ներկայացուց նիւթը` սկսելով Ս. Ծնունդի նախատօնակ պահեցողութենէն մինչեւ Ս. Սարգիսի ծոմը, Տեառնընդառաջի սովորութիւնները, Բարեկենդանի ուտել-խմելու, կատակ խաղերու աւանդութիւնները, ապա` պահեցողութեան կանոնները:

Ներկայացուեցաւ ակլատիզը, կենդանի ներկայացումով, որ կը զարդարէր սրահը: Պաս Պապին, իր նիհար մարմնով եւ աղքատ հագուստներով, կախուած քարերը, որ կ՛իյնան պահեցողութիւնը խախտողին գլխուն, եւ մանր ու կծու պղպեղը, նաեւ ոտքէն կախուած սոխը` վրան 7 փետուրներով, որ կը խորհրդանշէ պահեցողութեան 7 շաբաթները: Ապա ներկաները հիւրասիրուեցան:

Պահքի երեք տեսակի խնոտիկներով (կոլոլոկ) կանաչեղէններով եւ հայկական խոշաֆով:

Ներկաները ձեռնարկէն բաժնուեցան Բարեկենդանի եւ պահեցողութեան աւանդութիւններու վերակենդանացման ոգիով:

Շնորհաւոր Բարեկենդան, բարով հասնինք Ս. Յարութեան: