Լիբանանի անկախութեան 69-րդ տարեդարձ

Հինգշաբթի 22 Նոյեմբեր 2012-ին Լիբանանի անկախութեան 69-րորդ տարեդարձին առթիւ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային վարչութիւնը ներկայացնող կարգ մը ընկերուհիներ այցելեցին նախագահական պալատ, ներկայ ըլլալու տեղի ունեցող պաշտօնական շնորհաւորական ընդունելութեան: