Գարնան  Հաւաքոյթ

15 մարտ 2012-ին  առաւօտեան  ժամը 10:30 –ին , տեղի ունեցաւ « Գարնանային Հանդիպում մը «Գարեգին Նժդեհ» ակումբէն ներս, ձեռնարկի նպատակն էր ոչ միայն նիւթական այլ բարոյական որակ մը ներկայացնել շրջանի ընկերուհիներուն:

Վարչութեան ընկերուհիները  լծուեցան աշխատանքի, ճշդեցին օրուան ճաշը,   եւ գեղարուեստական  յայտագիրը: Որոշուեցաւ հրաւիրել  ընկերուհի Մարլէն Տանակէօզեանը, որ յատուկ շնորհներ ունի ծաղկաշինութեան եւ յարդարումի մարզերուն մէջ: Ան շատ հաղորդական ձեւով ներկայացուց իր նիւթը , եւ «Կինը» նմանցուց հոտաւէտ ծաղիկներու, որոնց բուրմունքով հասակ կ՛առնեն սերունդներ: