Ճաշկերոյթ  ( 2015)

ԼՕԽ-ի «Սեւան» մասնաճիւղի (Ժիւնի) կազմակերպած ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ 29 Մարտ 2015-ին, Կիրակի կէսօրուան ժամը 1։00-էն սկսեալ , Գլայաաթի «Ալ Նասամաթ» ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ շրջանի Ազգ. կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն, ընդամէնը 250 հոգի։

Ձեռնարկին նախագահութիւնը ստանձնած էին Տէր եւ Տիկ. Աւօ եւ Տալիտա Ռճըղալեանները, որոնք անձամբ ներկայ էին։

Ճաշկերոյթին բացումը կատարեց ընկհ. Սեդա Սաաթճեան՝ վարչութեան ատենապետուհին։ Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ մեծ թիւով հայրենակիցներ ընդառաջած են իրենց հրաւէրին, քաջալեր հանդիսանալով «Սեւան» մասնաճիւղի գործունէութեան։

Օրուան մթնոլորտը խանդավառեցին օրկանիստ՝ Յովիկ Ատուրեան եւ երգիչներ՝ Յովսէփ Լախոյեան եւ Նժդեհ Շահինեան։

Եղան նուիրատուութիւններ ի նպաստ մասնաճիւղին։