Հայաստանի նախագահ Պր. Սերժ Սարգիսեան, Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, 27 Նոյեմբեր 2012-ին այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նստավայրը. Անթիլիաս, ան հանդիպում մը ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ:
Լ.Օ.Խ.-ի Շրջ. Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը ներկայ ցտնուեցաւ, նախագահի ընդունելութեան Անթիլիասի մայրավանք, ուր վեհարանի մուտքին Կաթողիկոսը ողջունեց նախագահին այցելութիւնը:
Ինչպէս նաեւ Լ.Օ.Խ-ի ատենապետուհին ներկայ գտնուեցաւ երեկոյեան «Four Season» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած ընթրիք երեկոյին որ կազմակերպուած էր Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատան կողմէ:

