Ֆուլկերոյթ

Երեքշաբթի  24 Յունուար 2012-ի առաւօտեան  ժամը 10-ին , տեղի ունեցաւ «Ֆուլկերոյթի» ընկերային հանդիպում մը «Գարեգին Նժդեհ» ակումբէն ներս ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ  ընկերուհի Ցոլինէ Խաչատուրեանի:

Մթնոլորտը ուրախ էր, ներկաները պատրաստուած համեղ «Ֆուլը» ճաշակեցին եւ հետեւեցան Հոգեբան  Լուիզա Պապոյեան - Ազեզեանի շինիչ դասախօսութեան:

Աւարտին գնահատական խօսքերով մեկնեցան սրահէն: