ԼՕԽի «Արազ» մասնաճիւղին վարչութիւնը կազմակերպեց Նոր տարուան իրընկերային ձեռնարկը` շրջանին «Սօսի Մարտիկեան» սրահին մէջ, 13 դեկտեմբեր 2012-ին: Բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետը, որ բարիգալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, որովհետեւիրենց ներկայութեամբ քաջալեր հանդիսացան ԼՕԽի առաքելութեան եւ կամաւորաշխատանքին` հասնելու շրջանի բոլոր կարիքներուն: Ներկաները հիւրասիրուեցան կամաւորաբար պատրաստուած ճաշերով` խոհարարԿարոյի կողմէ: Ձեռնարկի աւարտին ժամանեց Կաղանդ պապուկը, որ իր նուէրներովնաեւ զուարճացուց ներկաները:
