Չորեքշաբթի, 14 նոյեմբեր 2012-ի կէսօրին, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը այցելութիւն մը տուաւ դէպի Այնճար, ուր քաղաքապետութեան մէջ տեսակցեցաւ քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանի հետ: Այցելութեան ընթացքին քաղաքապետը ծանօթացաւ նորընտիր Շրջանային վարչութեան կազմին, ապա ան ներկայացուց քաղաքապետութիւնն ու յառաջիկայ տարուան նախատեսուած ծրագիրները: Արծարծուեցան նաեւ Շրջանային վարչութեան աշխատանքներն ու կազդուրման կայան ծրագիրի մանրամասնութիւնները:
Քաղաքապետը, ինչպէս միշտ, դարձեալ պատրաստակամութիւն յայտնեց նեցուկ կանգնելու ԼՕԽ-ի բոլոր ծրագիրներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց կազմին:

