ԼՕԽ-ի Աղթամար մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբը, պահեցողութեան եւ Բարեկենդանի նախօրեակին, մեծ ուրախութեամբ հրաւիրեց Այնճար աւանի եւ Զահլէի ԼՕԽ-ական ընկերուհիներն ու տիկինները` միասնաբար ապրելու եւ վերյիշելու մեր տոհմիկ աւանդութիւններն ու բարքերը:
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 10 փետրուար 2012-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Սարգիս Զէյթլեան ժողովրդային տան մէջ:
Ներկայ էին մօտաւորապէս 100 հոգի:
Թեման բաժնուած էր երեք մասերու:
Լսել, Տեսնել Ու Համտեսել:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Ռիթա Լագիսեան, բարի գալուստի խօսքէն ու ձեռնարկի նպատակի բացատրութենէն ետք ան ներկայացուց ու հրաւիրեց Լիզա Թիւմպերեանը, որ փոխանցէ օրուան խորհուրդը: Լ. Թիւմպերեան լայն պատկերացումով ներկայացուց նիւթը` սկսելով Ս. Ծնունդի նախատօնակ պահեցողութենէն մինչեւ Ս. Սարգիսի ծոմը, Տեառնընդառաջի սովորութիւնները, Բարեկենդանի ուտել-խմելու, կատակ խաղերու աւանդութիւնները, ապա` պահեցողութեան կանոնները:
Ներկայացուեցաւ ակլատիզը, կենդանի ներկայացումով, որ կը զարդարէր սրահը: Պաս Պապին, իր նիհար մարմնով եւ աղքատ հագուստներով, կախուած քարերը, որ կ՛իյնան պահեցողութիւնը խախտողին գլխուն, եւ մանր ու կծու պղպեղը, նաեւ ոտքէն կախուած սոխը` վրան 7 փետուրներով, որ կը խորհրդանշէ պահեցողութեան 7 շաբաթները: Ապա ներկաները հիւրասիրուեցան:
Պահքի երեք տեսակի խնոտիկներով (կոլոլոկ) կանաչեղէններով եւ հայկական խոշաֆով:
Ներկաները ձեռնարկէն բաժնուեցան Բարեկենդանի եւ պահեցողութեան աւանդութիւններու վերակենդանացման ոգիով:
Շնորհաւոր Բարեկենդան, բարով հասնինք Ս. Յարութեան:
