«Դեղերու Գործածութիւնը` Տարեցներու Մօտ» Նիւթով Դասախօսութիւն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 5 փետրուար 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Դեղերու գործածութիւնը` տարեցներուն մօտ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց դեղագործ Գրիգոր Գրաճեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան, որ ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը նշեց, որ տարեցները կը գործածեն այլազան տեսակի դեղեր տարբեր հիւանդութիւններու դարմանումին համար, ինչպէս` կենսանիւթեր, ուժի դեղեր, տարբեր միջոցներով հեղուկի, դեղահատով, ասեղի սրսկումով կամ այլ, եւ էական է, որ բժիշկին դեղագիրին թելադրանքները ճշգրտութեամբ կիրարկուին:

Դեղագործ Գրիգոր Գրաճեան դասախօսութեան սկսաւ նշելով, որ դեղերու ճիշդ կամ սխալ գործածութիւնը տարիք չի ճանչնար, հետեւաբար դասախօսութիւնը պիտի ընդգրկէ ընդհանրապէս դեղերու գործածութիւնը:

Դեղերու գործածութիւնը ներկայիս կարեւոր մէկ մասը կը կազմէ մեր կեանքին, ինչպէս` ջուրը, օդը, երբ անցեալին այս կախեալութեան տարողութիւնը այսքան չէր:

Դասախօսը ներկայացուց անցեալի աւանդական դարմանումը եւ դեղամիջոցները, որոնք յաճախ ունէին իրենց կողմնակի ազդեցութիւնները եւ բարդութիւնները: Ներկայիս, բարեբախտաբար այս բոլորը, կամ մեծ մասը չեն կիրարկուիր:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ անհանգստութեան կամ առողջական հարցի մը պարագային որու՞ պէտք է դիմել, դրացիի՞ն, խանութպանի՞ն, բարեկամներո՞ւն, թէ՞ առողջապահութեան հետ կապ ունեցող անձերո՞ւ, մասնաւորաբար բժիշկին կամ դեղագործին, Գրաճեան բացատրեց, թէ դեղ ստանալու եւ ցուցմունքներուն գործադրութեան պարագային անպայման բժիշկի թելադրութիւնը անհրաժեշտ է, այս պարագային` դեղագիրը: Անհրաժեշտ է նշել, թէ կան դեղեր, որոնք ընդհանրապէս դեղարանը` սեղանին վրայ զետեղուած կ՛ըլլան: Այս դեղերը առանց բժիշկի յանձնարարութեան կարելի է գործածել օրինակ` կենսանիւթերը, գլխու ցաւի կամ տաքութեան, կոկորդի ցաւի, հարբուխի դէմ պայքարելու եւ այլ դեղեր: Այս շարքին կարելի է նշել բոյսերով պատրաստուած զանազան դեղատեսակները, որոնք ներկայիս առատօրէն կը ցուցադրուին դեղարաններուն մէջ:

Վերադառնալով իսկական դեղերու գործածութեան` դեղագործը թուեց շարք մը թելադրանքներ:

ա- Բժիշկին կողմէ յանձնարարուած դեղը գործածել ճիշդ ձեւով` հետեւելով բժիշկին կամ դեղագործին ցուցմունքներուն:

բ- Բժիշկին անպայման հարցնել դեղի գործածութեան հետ առնչուած բոլոր մանրամասնութիւնները:

գ- Տարբեր դեղերու միատեղ գործածութեան մասին լսել բժիշկին կամ դեղագործին թելադրութեան:

Դասախօսը բացատրեց, թէ տարիքի յառաջացման հետ, դեղերու գործածութիւնը կրնայ աւելնալ յատկապէս քրոնիկ հիւանդութիւններու պարագային, երբ դեղերու գործածութիւնը կ՛ըլլայ շարունակաբար, ինչպէս` գերճնշումի, սրտանօթային հիւանդութեան, շաքարախտի, մարմինի մէջ ջուրի կուտակումին, շունչի դժուարութեան, արեան թանձրացումին պարագային:

Վերջին բաժինով դեղագործը թելադրեց օգտագործել դեղերու յատուկ տուփիկներ, որոնք նախապէս օրուան, շաբթուան դեղերը զետեղելով կ՛ապահովեն դեղերու օրինաւոր եւ շարունակաբար գործածութիւնը ենթակային պարագային: Եզրակացութիւն` դեղերը օգտական են բոլորին, երբ կը գործածուին ճիշդ ձեւով, մասնագէտի թելադրութեամբ:

Աւարտին դասախօսը բացատրութիւններով եւ լուսաբանութիւններով, պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

Դասախօսութեան աւարտին ներկաները ստացան դեղի տուփիկ մը` իբրեւ նուէր: