Դասախօսութիւն` «Ոսկրափտութիւնը Եւ «Տի» Կենսանիւթը Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 25 մարտ 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` նիւթ ունենալով «Ոսկրափտութիւնը եւ «Տի» կենսանիւթը», զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմնի բժիշկ տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան:

Առողջապահական յանձնախումբին կողմէ բացման խօսքը ներկայացուց Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը նշեց, որ ոսկրափտութիւնը լուրջ հիւանդութիւն մըն է, որուն պատճառով ոսկորը կը բարակնայ ու կը դառնայ աւելի փխրուն եւ դիւրաբեկ` տարիքի յառաջացման, ինչպէս նաեւ դաշտանադադարի,  քալսիոմի եւ «Տի» կենսանիւթի անբաւարարութեան իբրեւ հետեւանք:

Տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով, թէ ի՛նչ է ոսկորը եւ  անոր կապը ընդհանուր մարմնի համակարգի եւ նիւթափոխանակման հետ:

Ան նշեց տարբեր բաղադրիչները, որոնք կը կազմեն ոսկորը, ինչպէս նաեւ ոսկորի կազմութիւնը:

Որո՞նք են այն ազդակները, որոնք կը նուազեցնեն քալսիոմի փոխադրութիւնը ոսկորէն դէպի արիւն. 1) Քալսիթոնին  2) Էսթրոժեն:

Այն ազդակները, որոնք կը բարձրացնեն քալսիոմի եւ այլ հանքային աղերու փոխադրութիւնը ոսկորէն դէպի արիւն, – 1) Վահանագեղձի հորմոն, 2) Կլուքոքորթիքոյտ (քորթիզոնի նման նիւթեր):

Զանազան ազդակներ, որոնք կը նպաստեն ոսկորի կազմութեան. աճման հորմոն, «Տի» կենսանիւթը, էնսիւլին, էսթրոժեն (կնոջական հորմոն), թեսթոսթերոն (այրերու հորմոն): Իսկ կլուքոքորթիքոյտը կը նուազեցնէ ոսկորին կազմութիւնը:

Ոսկրափտութիւնը լուռ հիւանդութիւն մըն է, աննշան կերպով կը սկսի: Առաջին ախտանշանները կոտրուածքներ են. կոնքի կոտրուածք, ողնաշարի եւ դաստակի:

Կիներուն 50 առ հարիւրը 50 տարեկանէն վեր կը տառապի ոսկրափտութենէ, ինչպէս նաեւ 2 կիներէն մէկը, կամ չորս այրերէն մէկը կը տառապին ոսկրափտութենէ:

Յաջորդ բաժինով տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան խօսեցաւ քալսիոմի (կիր) եւ ոսկրափտութեան մասին: Երբ  իբրեւ սնունդի արդիւնք բաւարար քալսիոմ չենք ստանար, մարմնի քալսիոմի անբաւարարութիւնը պիտի ամբողջացուի ոսկորներու մէջի պահեստով:

Քալսիոմին պարտականութիւնները.

– սրտի զարկերը կը կանոնաւորէ,
– մկանները կը հանգստացնէ,
– կը նպաստէ տարբեր էնզայմներու աշխատանքին,
– կը նպաստէ կայունացնելու արեան գերճնշումը:

Քալսիոմը կը գտնուի զանազան ուտելիքներու մէջ, ինչպէս` մածունի, սարտինի, կաթի, պանիրի, պրոքոլիի եւ այլ ճաշերու մէջ:

Վերջին բաժինով տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան խօսեցաւ նաեւ «Տի» կենսանիւթին մասին:

«Տի» կենսանիւթը կենսական է մարդու մարմնին համար: Անիկա կը նպաստէ քալսիոմի ներածման աղիքներուն մէջ:
«Տի» կենսանիւթը կ՛օգնէ կանխարգիլելու տարբեր հիւանդութիւններ, ինչպէս` սրտանօթային, շաքարախտի, քաղցկեղի:
«Տի» կենսանիւթը կը գտնուի տարբեր ձուկերու մէջ, յատկապէս սալմոնի, ինչպէս նաեւ սունկի, թունայի, լեարդի, ձկան իւղի եւ հաւկիթի մէջ:

Կան զանազան ազդակներ, որոնք կը պատճառեն «Տի» կենսանիւթի անբաւարարութեան, ինչպէս` կենսոլորտի ապականումը, գիրութիւնը, մարմնի թուխ մաշկը, յառաջացած տարիքը, կարգ մը դեղամիջոցները:

Որո՞նք են «Տի» կենսանիւթի անբաւարարութեան ախտանշանները.

– մկաններու եւ յօդային ցաւեր,
– ընդհանուր յոգնածութիւն,
– կոտրուածքներ,
– զանազան վարակիչ հիւանդութիւններ:

Դասախօսը ներկայացուց շարք մը վիճակներ, ուր «Տի» կենսանիւթը հիմնական դեր ունի կանխարգիլելու, դարմանելու հիւանդութիւնները, ինչպէս` գերճնշուածութեան, յօդացաւերու պարագային, փոքր տարիքի շաքարախտի: «Տի» կենսանիւթը նաեւ կը նպաստէ կշիռքի նուազեցման:

Աւարտին տոքթ. Այնթապլեան զանազան բացատրութիւններով եւ օրինակներով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն: