Դասախօսութիւն՝ «Առողջ Երկարակեցութիւն» նիւթով

Կազմակերպութեամբ` ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին , գործակցաբար՝ Այնճարի, ԼՕԽ-ի “Աղթամար” մասնաճիւղի վարչութեան , 30 Ապրիլ 2015 ին , Այնճարի “ Ս . Զէյթլեան “ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը “ Առողջ երկարակեցութիւն” նիւթով ,զորս ներկայացուց առողջապահական յանձնախումբի անդամ ընկհ . Շաքէ Բարմաքսզեան :

Մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկհ.Ցողիկ Հաւաթեան , բարի գալուստ մաղթելէ ետք,շնորհակալութիւն յայտնեց առողջապահական յանձնախումբին որ ընդառաջելով վարչութեան առաջարկին Այնճարի մէջ կազմակերպած են դասախօսական շարք մը որուն առաջինը տեղի կ’ունենայ այսօր ըսաւ ան:
Ընկ. Շ. Բարմաքսզեան իր պատրաստած նիւթը բաժնած էր 3 մասի , առաջին բաժինով ան ներածական

մը տուաւ եւ բացատրեց երկարակեցութիւն բառը որ կարողականութիւն կը նշանակէ, ողջ անհատի մը ամբողջ կեանքին ընթացքին ,ծննդեան թուականէն սկսեալ ապրելու առաւելագոյն տարիքի հասնելու. ան խօսեցաւ նաեւ երկարակեցութեան չափանիշներուն եւ մրցանիշերուն մասին , նաեւ այն երկիրներուն մասին , ուր մարդիկ աւելի երկար եւ առողջ կ’ ապրին , նկատի ունենալով կլիմայական եւ առողջ սննդականոնի պայմանները:

Երկրորդ բաժինով , դասախօսը նշեց տարբեր պատճառներ , ազդակներ որոնք կը նպաստեն ներկայ ժամանակաշրջանին առողջ երկարակեցութեան:

Վերջին եւ երրորդ բաժինով , դասախօսը ներկայացուց ներկայ օրերուն , գիտնականներու հետազօտութիւնները’ առողջ երկարակեցութեան մարզին մէջ:

Աւարտին , Շաքէ Բարմաքսզեան զանազան օրինակներով եւ բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն: