Հովանաւորութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան գրադարանի յանձնախումբին, Շաբաթ, 28 Մարտ 2015, կ.ա ժամը 10։30-ին տեղի ունեցաւ Զատկուան յատուկ ձեռնարկ, Արագածի ժողովրդային տան «Սարգիս Գալայճեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, հիւրերու, ծնողներու եւ 85 փոքրիկներու։
Ձեռնարկը սկսաւ յանձնախումբի ատենապետուհի՝ ընկհ. Էլօ Զոպույեանի բացման խօսքով։ Ան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, ապա շնորհաւորեց Ծաղկազարդի եւ Ս. Զատկուան զոյգ տօները։
Յայտագրի երկրորդ բաժինը սկսաւ յանձնախումբի ընկերուհիներուն կողմէ պատրաստուած ճոխ խաղերով։ Բոլոր փոքրիկները մասնակցեցան խաղերուն եւ յաղթողները ստացան յատուկ նուէրներ։ Անոնք երգեցին, պարեցին, ուրախացան։ Աւարտին տեղի ունեցաւ հաւկթամարտ շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։
Մեկնումին փոքրիկները ստացան զատկուան յատուկ ծրարիկներ եւ բարձր տրամադրութեամբ բաժնուեցան:








