Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա.Պուլղուրճեան» ընկերա-բժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, Չորեքշաբթի, 17 Մայիս 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10։30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ուտելիքներէ Յառաջացած Հիւանդութիւններ» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց Microbiologist՝ Ալիք Բագլայեան:
Առողջապահական յանձնախումբի անունով բացման խօսքը արտասանեց ատենապետուհի՝ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան։ Լաւագոյն մաղթանքներով շնորհաւորեց մայրերու տօնը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ մանաւանդ դասախօսութեան լման շարքին ներկայ գտնուողներուն, որոնք մեծ հաճոյքով եւ պարտաճանաչօրէն հետեւեցան եւ ամբարեցին առողջապահական կարեւոր գիտելիքներ։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ԼՕԽ-ի առողջապահական յանձնախումբի իւրաքանչիւր անդամին, որ ճիգ չխնայեց յաջողեցնելու համար այս խմբային աշխատանքը։Ան ներկայացուց դասախօսը եւ նիւթը յատնելով, թէ մարդ արարածը ապրելու համար պէտք ունի երկու հիմնական տուեալներու.- ա) սնունդի եւ բ) թթուածինի։ Յաճախ սնունդի ճամբով, մանրէներու, ժահրերու բազմացումով ենթական կը վարակուի զանազան հիւանդութիւններով։ Տարբեր ախտանշաններ ցոյց կու տան անհատի վարակման ու հիւանդութեան ընթացքը։
Տիկին Ալիք Բագլայեան դասախօսութեան սկսաւ նախ բացատրելով ուտելիքներէ յառաջացած հիւանդութիւններու պատճառները, որոնք կրնան ըլլալ մանրէները, ժահրերը, մակաբոյծները ու անոնցմէ արտադրուած թոյները։
- Վարակման առաջին ախտանշանները կրնան ըլլալ.-
-Սրտխառնուկ
-Փսխունք
-Որովայնի պրկումներ
-Փորհարութիւն
-Գլխացաւ
-Բարձր ջերմութիւն
- Անհատներ որոնք աւելի հակամէտ են վարակուելու ուտելիքներէ.-
-Նորածիններ
-Յղի կիներ
-Տարեցներ
-քրոնիք հիւանդութիւն ունեցողներ
-Մարմնի տկար դիմադրողական համակարգ ունեցող անձեր
- Ուտելիքներ որոնք կրնան պատճառ դառնալ հիւանդութիւններու.-
-Հում եւ մանաւանդ կենդանական բնոյթ ունեցող ուտելիքներ ինչպէս՝ միսը, հաւկիթը, կաթնեղէնները
-Պտուղները, կանաչեղէնները
-Ջուրը
- Ի՞նչ են պատճառները սնունդէ յառաջացած հիւանդութիւններու
-Ոչ բաւարար եփելը
-Ճաշը չպահպանելու ճիշդ ջերմաստիճանը (վտանգաւոր համարուած ջերմաստիճանի գօտին 5-60 ˚C միջեւ է)
-Ոչ առողջապահական պայմանները, ճաշի պատրաստութեան ընթացքին, ինչպէս աղտոտ ձեռքերով ճաշ պատրաստելը եւ այլ շատ մը պատճառներ։
Շարունակելով դասախօսութիւնը, Ալիք Բագլայեան նշեց այն մանրէները, ժահրերը, մակաբոյծները, որոնք կրնան պատճառել զանազան հիւանդութիւններ։
- Սալմոնելլա (salmonella)
Աղբիւրը- Հաւը, հաւկիթը , կաթնեղէնները, լոլիկը…
Ախտանշանները- Սրտխառնուկ, որովայնի ցաւեր, փորհարութիւն
Բուժումը- Կարելի է բուժել առանց դեղի բաւարար հեղուկ հայթայթելով մարմնին, եթէ հարկ է օգտագործել հակակենսիկներ ։
- Քամֆիլօպաքդըր ճուճունայ (Campylobacter jejuni)
Աղբիւրը- Հաւը, հաւկիթը, ոչ լաւ եռացած կաթը եւ ջուրը
Ախտանշանները-Կը պատճառէ տիզանդերի, սուր փորհարութիւն, արիւնախառն կղկղանք, որովայնի ցաւեր, տաքութիւն եւ գլխացաւ։
Բուժումը- կարելի է բուժել ընդհանրապէս մէկ շաբթուան ընթացքին։ Կը պատճառէ ծանր սիրտխառնուկ եւ փսխուք։
- Պասիլըս Սերիուս(Bacillus cereus)
Կը գտնուի խաշուած բիլաւին կամ բրինձին մէջ, որ երկար ժամանակ գաղջ ջերմութեան վրայ սառնարանէն դուրս մնացած է։
- Քլոսդրիտիոմ Պոդուլինըմ (Clostridium Botulinum)
Պոդուլինըմ անունով թոյն մը կ'արտադրէ, որ շատ արագ միջոցին մահ կրնայ պատճառել, մկաններու անդամալոյծութիւն տալով։ Կը գտնուի տուփեղէն կամ ապակեայ պահածոներուն մէջ։ Ուշադրութիւն ընել շուկայէն առնուած պահածոներուն։
- Աղիքային որդեր-
-Թէնիա Սոլիոմ /Սաժինադա- տափակ որդ։
Վարակումը կը պատահի երբ կ'ուտենք ոչ բաւարար եփուած միս, յատկապէս խոզի միս։Մեղմ կամ ընդհանրապէս ոչ մէկ ախտանշան ցոյց կուտայ։ Աւելի ուշ կը զարգանայ պատճառելով որովային ցաւեր, ախորժակի եւ կշիռքի նուազում։
-Թրիշինելլա Սփիռալիս
Անհատը կը վարակուի երբ կ'ուտէ ոչ բաւարար եփուած խոզի միս։ Որդերը աղիքներու մէջ զարգանալով եւ բազմանալով կը հասնին մինչեւ երակները եւ մկանները։
-Ասքարիս Լումպրիգոյտիս
Անհատը կը վարակուի ուտելով ոչ հականեխուած ուտելիքներ, վարակուած բանջարեղէններ, պտուղներ։
Ախտանշանները կրնան ըլլալ որովայնի անհանգստութիւն։
Ժահրեր-
-Ռօթավայրըս (Rotavirus)
Այս ժահրը ամէնաշատ տարածուածն է, ընդհանրապէս կը պատահի երեխաներու մօտ, պատճառելով փորհարութիւն։ Վարակումը կ'ըլլայ կղկղանքէն դէպի բերան։
-Ժահրային Լիարդաբորբ Ա (Hepatitis A)
Վարակումը կը պատահի անհատէ անհատ, սնունդէն՝ ճաշի, կաթի կամ ջուրի ճամբով։
Ախտանշանները- Կռիփի նման ընդհանուր հոգնածութիւն, ոչ բարձր ջերմութիւն, մկանային ցաւեր, հազ, ախորժակի նուազում։
Հիւանդը պէտք ունի հանգիստի, ապաքինումը՝ 3-6 ամիս։
Սնունդէ յառաջացած հիւանդութիններու պարագային առաջին հերթին անհրաժեշտ է բժշկական քննութիւնը եւ տարրալուծարանային քննութիւնները։
Իսկ բուժումի ընթացքին, բաւարար հանգիստ ընելը, բարձր քանակութեամբ հեղուկներ օգտագործելը եւ անհրաժեշտութեան պարագային հակակենսիկներու գործածութիւնը։
Աւարտին, Ալիք Բագլայեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն, զանազան օրինակներով ու բացատրութիւններով։








