Մայրերու Օր Եւ Համբարձման Տօն

ԼՕԽ-ի «Գայեանէ» մասնաճիւղի (Պէյթ Գօգօ) վարչութեան Համբարձման Տօնին առիթով կազմակերպած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 22 Մայիս 2017-ին, «Տէյմէ» շքեղ ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութիւն ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, անդամուհիներու եւ բարեկամուհիներու:

ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Սօսի Մանուէլեան կատարեց ձեռնարկի բացման խօսքը: Ան բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն  յայտնեց ներկաներուն, յատկապէս գործօն ընկերուհիներուն, որոնք նեցուկ կը կանգնին եւ ճիգ չեն խնայեր յաջողցնելու վարչութեան մշակած ծրագիրը: Ապա հրաւիրեց ընկհ. Մարլէն Տանակէօզեանը, որ անդրադարձաւ Մայիս ամսուան հայկական տօներուն, յատկապէս մայիսեան փառապանծ յաղթանակներուն: Ան փոխանցեց նաեւ Համբարձման տօնին խորհուրդը: Տեղի ունեցան Համբարձման եւ ձեռնարկի վիճակաձգութիւններ, ինչպէս նաեւ նոյն առիթով պարաստուած խաղեր:

Ներկաներուն բաժնուեցան շալեր տրամադրուած Jack Gift հաստատութենէն եւ ծաղիկներ՝ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութենէն:  Մայիս 22-ը կը զուգադիպէր սրբհ. Ռիթայի տօնին, ներկաներէն որոնք կը կրէին Ռիթա անունը ստացան նուէրներ:

Ուրախ մթնոլորտ մը կը տիրէր: կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Ներկաները գոհունակութեամբ մեկնեցան, մասնաճիւղին  զօրավիգ կանգնելու խոստումով: