Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի " Գայեանէ" մասնաճիւղի "Ընկերային Հանդիպում" ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2026-ին, Նաքքաշի «Հրայր Մարուխեան» ակումբէն ներս, ներկայութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ` ընկհ. Սալբի Աննաեանի։
ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի` ընկհ. Լիւսի Գարակաւուրեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն։
Յայտագիրը ճոխացաւ, Մասնակցութեամբ Պրն. Հրակ Քերսոեանի։
Տեղի ունեցան խաղեր եւ կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ։ Ներկաները բարձր տրամադրութեամբ եւ գոհունակ մեկնեցան։


