Հովանաւորութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան, Լ.Օ.Խ.-ի «Ռուպինա» մասնաճիւղը կազմակերպեց պտոյտ մը, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի 10 Սեպտեմբեր 2026-ին:
Առաջին հերթին ընկերուհիներն ու բարեկամներ Լ.Օ.Խ.-ի մեծ ընտանիքին այցելեցին «Սէյիտէթ էլ Նուրիյէ» եկեղեցին, ուր կոկիկ հիւրասիրութենէ ետք, իրենց պտոյտը շարունակեցին դէպի «Սէյիտէթ էլ Նաթուր» եկեղեցին:
Ապա անոնք այցելեցին «Մարիա Կորէթթի» եկեղեցին եւ իրենց պտոյտին վերջին հանգրուանը եղաւ «Մեսեյէ Զէմէն» ճաշարանը: Հոն բոլորը միասին անցուցին շատ հաճելի ժամանակ: Միօրեայ պտոյտը հասած էր իր աւարտին:
Իւրաքանչիւր մասնակից վերադարձաւ շատ ուրախ եւ գոհունակ իր հետ տանելով քաղձր յիշատակներ: Շնորհակալութիւն Հ.Յ.Դ. «Ռուբէն» կոմիտէութեան։
Լ.Օ.Խ.-ի «Ռուպինա» մասնաճիւղի Վարչութիւնը բնաւ ճիգ չխնայեց յաջողութեամբ պսակելու սոյն ձեռնարկը:
Վարձքը կատար վարչական ընկերուհիներուն:
Նորանոր ձեռնարկներ ու զանազան գործունէութիւն կը մաղթենք նորընտիր վարչութեան։






