Համբարձում Եւ Մայրերու Օր

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Հռիփսիմէ Սասունի» մասնաճիւղի վարչութեան, Ուրբաթ, 12 Մայիս 2017-ին, այցելութիւն մը տրուեցաւ Լիբանանի սրբավայրեր՝ «Ռաֆքա», «Հարտինի» եւ «Շարպէլ»: Յիշատակուեցան Համբարձման թէ՛ Մայրերու զոյգ տօները, ճոխ յայտագրով:

Երկուշաբթի, 22 Մայիս 2017-ին, ի պատիւ հայ մայրերուն, վարչութիւնը յատուկ հրաւէրով համախմբեց շրջանի անդամուհիները Ֆանարի «Էտկար Ակնունի» ակումբին մէջ: Ներկաները վայելեցին վարչութեան ձեռամբ եւ սիրով պատրաստուած համեղ ուտելիքները: Ուրախ եւ մտերմիկ մթնոլորտ կը տիրէր:

Ընկերուհիները գոհունակութեամբ մեկնեցան մաղթելով, որ նման հանդիպումներ կրկնուին: