ԼՕԽ-ի «Արցախ» մասնաճիւղի (Րապիէ) վարչութեան կազմակերպած ձեռնարկը Համբարձման Տօնին առիթով տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 23 Մայիս 2017-ին, Տպայայի ծովեզերեայ «Քահուաթ Մանտալուն» գեղեցիկ ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարալ Մխճեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու:
ՀՕՄ-ի քայլերգի ուկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ըկնհ. Սիլվա Սապունճեան, բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց քաջալերանքին համար: Ապա բացատրութիւններ տուաւ Համբարձման Տօնին մասին ըսելով.- ««Համբարձում» կը նշանակէ բարձրացում: Համբարձումը յարուցեալ Յիսուսի մարմնով երկինք բարձրանալու յիշատակն է: Սակայն այս տօնը վերածուած է ժողովրդական տօնակատարութեան, նուիրուած է երգերու, պարերու, խաղերու եւ մրցումներու: Համբարձումին նաեւ կը կատարուի վիճակահանութիւն եւ ծաղկահաւաք: Ջուրով լեցուն ամանի մը մէջ կը տեղադրուին ծաղիկներ եւ ներկայ աղջիկներուն պատկանող իրեր: Դեռատի աղջիկ մը կը վերցնէ կուժը եւ կը շրջի տան մէջ. կուժէն դուրս բերուած առաջին առարկային տիրոջ մօտալուտ ամուսնութիւնը կը նախատեսուի: Ապա իւրաքանչիւր իրի հետ կ'ընտրուի վիճակահանութեան տոմս մը, ուր գրուած խրատը կամ նախատեսութիւնը ուղղուած կ'ըլլայ առարկային տիրոջ»:
Ձեռնարկը ընթացաւ ուրախ մթնոլորտի մէջ: Ներկաներուն բաժնուեցաւ յատուկ կուժերու մէջ լեցուած հայկական զուտ գինի:
Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցաւ պարուսոյց Ասատուր: Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ համբարձման վիճակ: Իւրաքանչիւր սեղան ունեցաւ իր բախտաւորը եւ նուէր ստացաւ սեղանին վրայ զետեղուած լապտերը: կատարուեցան նաեւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:
Ներկաները սրտի անհուն գոհունակութեամբ բաժնուեցան իրարմէ:

















