«Առողջ Ապրելակերպ»-ի Սեմինար (3)

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքի կազմակերպած սեմինարները կը շարունակուին նոյն խանդավառ թափով:

Երրորդ սեմինարը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 10 Մայիս 2017-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահէն ներս:

Առողջապահական յանձնախումբի ատենապետուհի՝ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան կատարեց սեմինարի բացումը: Ան շնորհաւորեց բոոր մայրերը, շեշտելով անոնց կատարած դերը իրենց ընտանիքներէն ներս: Օրուան ծրագիրը ներկայացնելէ ետք, շնորհակալութիւն յայտնեց յանձնախումբի ընկերուհիներուն եւ դասախօսներուն, որոնք ճիգ չեն խնայեր ծրագիրը յաջողցնելու համար:

Օրուան առաջին դասախօսն էր Սուրբ Նշան Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Մկրտիչ քհն. Քէշիշեանը, որ ներկայացուց «Ընտանեկան Համերաշխութիւն- Առողջ Մթնոլորտ» նիւթը:

Տէր Մկրտիչ անդրադարձաւ ընտանիքի կարեւորութեան մասին եւ նկատել տուաւ, որ ընտանիք կազմելու գաղափարը աստուածային ծրագիր մըն է, որուն պէտք է մօտենանք գիտագցաբար, պատասխանատու, հոգատար եւ գիտակից ծնողներ դառնալու համար: Ան յայտնեց, որ ընտանեկան համերաշխութիւնը կը կայանայ զոյգին մէջ գտնուող փոխադարձ զոհողութեան, ներողամտութեան, սիրոյ եւ հասկացողութեան վրայ: Ան շեշտեց նաեւ, որ ընտանեկան հարցերը պէտք է լուծուին զոյգին կողմէ եւ երբէք ուրիշներու միջամտութեամբ: Ան աւելցուց, որ կեանքի նոր ընթացքը եւ օտարամոլութիւնը կը քանդեն մեր հայկական տոհմիկ ընտանեկան պատկերը, ինչպէս նաեւ թելադրեց տուներէն ներս պահել հայկական մշակոյթը եւ ազգային գիտակցութիւնը:

Սեմինարի երկրորդ նիւթն էր՝ «Տնային Արկածներ եւ Արկածներու Կանխարգիլում»ը, զոր ներկայացուց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան: Ան թուեց արկածներու տեսակները (իյնալ, այրիլ, խեղդուիլ, թունաւորուիլ...) եւ դիտել տուաւ, որ անոնք կ'ըլլան ըստ տարիքի եւ կեանքի բոլոր հանգրուաններուն: Ընկհ. Սիրուն յիշեց, որ օրական 6000 հոգի կը մահանան աղէտի կամ պատահարի պատճառով. թիւ մը, որ միջազգային մտահոգութիւն կը յառաջացնէ: Ան շեշտեց նաեւ, որ կարելի է դիմել նախազգուշական միջոցներու, կանխարգիլելու համար նման արկածներ:

Կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքի պատասխանատու՝ ընկհ. Վերժին Խորշիտեան խօսեցաւ առողջ սննդականոնի կարեւորութեան մասին: Ան նկատի առաւ ուտելիքներու որակը եւ քանակը շեշտելով, որ սննդականոնը միօրինակ չըլլայ, այլ՝  այլազան, առողջ ապրելակերպ ունենալու համար: Ընկհ. Վերժին կարեւոր նկատեց պտուղները, բանջարեղէնները, հատեղէնները, բնաթելերով հարուստ ուտելիքները եւ յանձնարարեց հեռու մնալ ճարպերէն, բարձր cholesterol պարունակող ուտելիքներէն, աղէն եւ շաքարէն:

Սեմինարի աւարտին կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն եւ մասնակցողները նուէր ստացան թաղարով ծաղիկներ, տրամադրուած Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ:

Մթնոլորտը ընկերային եւ հաճելի էր:

Վարձքը կատար բոլորին: