Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի վարչութեան, Երեքշաբթի, 30 Մայիս 2017-ին, Հայաշէնի ժողովրդային տան «Սեդրակ Աճէմեան» սրահին մէջ, նշուեցաւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 80 ամեակը, ներկայութեամբ ԼՕԽի Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ.Մարալ Մխճեանի, Շրջանային վարչութենէն միութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարկօ Կոտալազեանի, մասնաճիւղերու ներկայացուցիչ ընկերուհիներու եւ հրաւիրեալներու:
Ձեռնարկի բացման խօսքը փոխանցեց մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Շաքէ Պաղտասարեան: Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք, կարճ պատմական մը ներկայացուց մասնաճիւղին մասին ըսելով.-«Լիբանանի մէջ կայք հաստատած հայութիւնը, օրուան կարիքներէն եւ մարդասիրական առաքելութեան պահանջքներէն մղուելով, կարիքը զգաց հիմնելու Հայ օգնութեան խաչը՝ 1930-ին: Այս Հայաշատ համեստ թաղին մէջ եւս, ընկ. Սուրէն Քարաքէլլէեանի ջանքերով, 15 փետրուար 1937-ին, հիմնուեցաւ «Հայաշէն» մասնաճիւղը, դառնալով ԼՕԽ-ի չորրորդ մասնաճիւղը: ԼՕԽ-ի բոլոր հիմնադիրներուն անունները անջնջելի պիտի մնան մեր մտքերուն եւ սրտերուն մէջ: Բոլորը թող հանգիստ ննջեն, որովհետեւ այս նուիրեալ գործին հաւատացող խաչուհիներուն թիւը տարուէ տարի պիտի բազմանայ...»:
Ընկհ. Պաղտասարեան շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպչական յանձնախումբի անցեալի եւ ներկայի բոլոր ներկայացուցիչ ընկերուհիներուն, որոնց շինիչ ցուցմունքները միշտ նպաստած են մասնաճիւղի գործունէութեանց, բոլոր գործող վարչական կամ ոչ վարչական կամաւոր ծառայող ընկերուհիներուն, բարերարներուն եւ քոյր միութիւններուն: Յատուկ շնորհակալութիւն՝ շրջանի «Ռոստոմ» կոմիտէին, որ միշտ նեցուկ կանգնած եւ քաջալերած է վարչութեան տարած աշխատանքը, մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած վարչական ընկերուհիներու զաւակներուն, որոնք յարգելով իրենց սիրելիներուն յիշատակը ներկայ գտնուեցան այս ձեռնարկին, բոլոր նուիրատու հաստատութիւններուն թէ անհատներուն, որոնք ձրիաբար մուտքի նուէրներն ու ուտելիքները տրամադրեցին եւ բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին այս ձեռնարկի յաջողութեան: Ան իր ջերմագին բարեւները ուղարկեց վարչական գործունէութիւն ունեցած բոլոր ընկերուհիներուն, որոնք Լիբանանէն գաղթելով արտասահման կ’ապրին:
Ապա, շնորհաւորեց բոլոր ներկայ մայրերուն տօնը, վեր դասեց մօր դերակատարութիւնը ըսելով.-«Հայ մայրը տառապանք տեսաւ, բայց ծունկի գալով անձնատուր չեղաւ, ընդհակառակը աւելի զօրացաւ, հայ մնալը «սրբութիւն սրբոց» դասեց, պայքարեցաւ եւ գոյատեւեց յանուն իր զաւակներուն...»:
Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցան երգիչ Գէորգ Գատէհճեան եւ ընկհ. Շաքէ Պաղտասարեան, ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի, իսկ ասմունքով՝ ընկհ. Մարալ Վարդապետեան:
Տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւն: Ձեռամբ Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարալ Մխճեանի, յատուկ յուշանուէրներով պարգեւատրուեցան երկարամեայ գործունէութիւն ունեցող վարչական ընկերուհիները: Ապա, բոլորը միասնաբար հատեցին մասնաճիւղի հիմնադրութեան 80 ամեակը խորհրդանշող կարկանդակը:
Ներկաները սրտաբուխ նուիրատութիւններ կատարեցին: Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն: Ներկաները հիւրասիրուեցան վարչական ընկերուհիներու ձեռամբ պատրաստուած ճաշով: Անոնք մեծապէս գնահատեցին ձեռնարկը եւ յաջողութին մաղթելով մեկնեցան:













