Մասնաճիւղեր

ԼՕԽի Զուարթնոց Մասնաճիւղ

Վաղարշապատի Ս. Գրիգոր եկեղեցին կը գտնուի Արարատեան դաշտի մէջ, Էջմիածինէն 2քմ. Հեռաւորութեան վրայ:

Ըստ Հայ պատմիչներու վկայութեան, կառուցել տուած է զայն Ներսէս Գ. Իշխանացի կաթողիկոսը (7-րդ դարուն): Զուարթնոց օծուած է 652-ին:

Զուարթնոց կազմուած է եռաստիճան, հետզհետէ նուազող տրամագծերով երեք գմբեթներէ, մօտ 45 մեթր բարձրութեամբ. տաճարը ունի 5 մուտքեր:

Հայկական ճարտարապետութեան մէջ Զուարթնոցը իւրայատուկ ոճի կառոյց եղած է, որ ուշագրաւ դարձած է յօրինուածքի պարզութեամբ ու յստակութեամբ,Զուարթ – կը նշանակէ: ուրախ, պայծառ իսկ Զուարթուն՝ հրեշտակ. հետեւաբար, Զուարթնոց կը նշանակէ՝ հրեշտակներու վայր. որովհետեւ, կ’ըսուի թէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ իր հրաշափառ տեսիլքը ունեցած է այդ վայրին մէջ՝ ուր Յիսուս կ’իջնէ (հրեշտակներու) երկնային երգեցողութեամբ. հոն կը կառուցուի Էջմիածին, այսինքն՝ միածինին իջած տեղը:

Զուարթնոցը ունի ճարտարապետական այնպիսի մեծութիւն մը եւ արուեստագիտական այնպիսի հմտութիւն, որ համաշխարհային ճարտարապետութեան մէջ հազուագիւտ օրինակ եւ պսակ է հայու ստեղծագործական տաղանդին:

Մասնաճիւղը հիմնուած է 1971 –ին , Հազմիէյի շրջանին մէջ :

Առաջին վարչական կազմը եղած է՝ Ժագլին Գէօրողլեան, Աստղիկ Հալաճեան ,Ալիս Զէքեան, Եփրուհի Պախչէճեան, Սոնա Պախչէճեան, Զաւէն Հերսիլ, Ժիլպէր Սահիլեան, Եօլանտ Սահակեան, Անահիտ Ղոչախեան:

Մասնաճիւղը կը գործէ Հազմիէյի կաթողիկէ միաբանութեան , «Մխիթարեան» վարժարանէն ներս, իրեն տրամադրուած սրահի մը մէջ:

Բաժնեկցիլ

Լուրեր

Տարեկան Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Զուարթնոց» մասնաճիւղի (Հազմիէ) կազմակերպած տարեկան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 5 Մայիս 2017-ին, «Siesta» ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ մասնաճիւղիս ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեանի, Հազմիէի փոխ քաղաքապետին, միութիւններու թէ մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու եւ հրաւիրեալներու: Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց ատենապետուհի՝ ընկհ. Սիլվա Տաայպէս, որ բարի գալուստ եւ բարի վայելում մաղթեց բոլորին, ինչպէս…

Աւելին
«Brunch»

Հովանաւորութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, «Զուարթնոց» (Հազմիէ) մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած տարեկան «Brunch»-ը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 6 Մայիս 2016-ին, Հազմիէի «Ալ Ղաուալի» ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեանի, ԼՕԽ-ի քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, հիւրերու, ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու: Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Սիլվա Տղէյպէս կատարեց ձեռնարկի բացման խօսքը…

Աւելին
Կիներու Միջազգային Օր

Հինգշաբթի, 7 մարտ 2013-ին, հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ «Զուարթնոց» մասնաճիւղին (Հազմիէ), հովանաւորութեամբ Շրջանային վարչութեան, տեղի ունեցաւ կէսօրուան ճաշկերոյթ, «Ուայթ թաուըր» պանդոկի սրահին մէջ: Ներկայ էին մասնաճիւղին անդամները, նաեւ այլ մասնաճիւղերէ ընկերուհիներ, ինչպէս նաեւ` ԼՕԽ-ի համակիրներ: Ժամը 10:30-ին վարչութեան ատենապետը իր բացման խօսքով հրաւիրեց ներկաները` յոտնկայս ունկնդրելու…

Աւելին
Բոլոր լուրերը