Ընկերային Հանդիպում

This page is not yet available in this language.

Երեքշաբթի, 11 Հոկտեմբեր 2016-ին, Արագածի ժողովրդային տան «Ս. Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի ընկերային հանդիպում ձեռնարկը՝ կազմակերպութեամբ մասնաճիւղի վարչութեան։

Ձեռնարկին ներկայ էին քոյր մասնաճիւղերէ ընկերուհիներ, հրաւիրեալներ եւ մասնաճիւղին հաւատարիմ բարեկամներ։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի փոխ-ատենապետուհի՝ ընկհ. Նուրիձ Դանիէլեան.ան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն, որոնք միշտ նեցուկ կը կանգնին «Արագած» մասնաճիւղին, ապա յայտնեց, որ նման հանդիպումեր իրարմով զօրանալու առիթներ են։

Ձեռնարկի ընթացքին ներկաները ճաշակեցին վարչութեան պատրաստած համեղ ճաշերը եւ ըմբոշխնեցին  հայկական ճոխ երգեր։

Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, որմէ բախտաւորուեցան ներկաները։