«Ընկերային Հանդիպում»

This page is not yet available in this language.

Թրատ շրջանի ,ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութիւնը Ուրբաթ, 13 Նոյեմբեր 2015-ին, կազմակերպած էր ձեռնարկ մը «Ընկերային Հանդիպում» անուան տակ, «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւուրեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու, հիւրերու եւ համակիրներու:

ԼՕխ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ.Մարօ  Ընգապապեան իր բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ ԼՕԽ-ի բազմածաւալ գործունէութեան, ԼՕԽ-ի առաքելութեան, եւ հայ ժողովուրդին ծառայելու պատրաստակամութեան :

Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ազգ. Աբգարեան վարժարանի աշակերտները :

Ներկաները խանդավառուած հայկական, ժողովրդական եւ գաւառական երգերով, իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնները կատարեցին, որմէ ետք տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն:

Ձեռնարկի աւարտին, ներկաները մեծ գոհունակութեանբ մեկնեցան սրահէն, դարձեալ հանդիպելու ակնկալութեամբ: