Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնճիւղի վարչութեան (Մար եուսէֆ), Երեքշաբթի, 14 Նոյեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, շրջանի «Սարգիս Ներսէսեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ ընկերային հաւաքոյթ մը, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, օրուան դասախօս՝ օրդ. Սարին Շէկեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու:
Սրահի մուտքին, ներկաներուն բաժնուեցան խոհանոցի անձեռոցներ:
ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Շաքէ Դարբինեան, բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, իրենց ներկայութեան համար: Ապա հրաւիրեց օրուան դասախօսը:
Սննդագիտուհի Սարին շէկեան խօսեցաւ շաքարախտի մասին, որմէ շատեր կը տառապին այս օրերուն: Ան նշեց, թէ այս հիւանդութիւնը կարելի է յաղթահարել յատուկ դեղերով եւ մարզանքով: Ներկաները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան տրուած ցուցմունքներուն:
Ձեռնարկը ընթացաւ ճոխ եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ: Ընկհ. Մարալ Վարդապետեան ելոյթ ունեցաւ ասմունքով:
Ներկաները բարձր գնահատեցին վարչութեան աշխատանքը: Կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Վիճակաձգութենէն ետք, անոնք ուրախ եւ գոհունակ մեկնեցան սրահէն:









