Ընկերային Հանդիպում

This page is not yet available in this language.

            Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ   ընկերային յանձնախումբին, Ուրբաթ, 12 Մայիս 2017-ին, Այնճարի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան» կազդուրման կայանին մէջ տեղի ունեցաւ կէսօրուան ճաշ, ի նպաստ կայանի փոքրիկներուն:

            Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց ընկերային յանձնախումբի ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարօ Սալխանեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն, որ մասնակից եղան այս իւրայատուկ ձեռնարկին: Ապա հակիրճ կերպով ծանօթացուց կազդուրման կայանը, իր հիմնադրութեան սկիզբէն մինչեւ նոր կեդրոնի բացումը, որ ազնիւ բարերարութիւնը կը վայելէ Գըլպաշեան ընտանիքին, իրենց ծնողներուն յիշատակը անմահացնելու համար: Խօսք առաւ նաեւ Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարալ Մխճեան: Ան դրուատեց յանձնախումբի ընկերուհիներուն աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց, իրենց յառաջիկայ աշխատանքներուն:

            Ձեռնարկի մթնոլորտը ճոխացուց հալէպահայ երգչուհի՝ տիկին Սիլվա Քէջէճեան, որ իր քաղցր ձայնով հմայեց ներկաները:

            Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ Bingo-ի խաղեր: Ուրախ մթնոլորտէն խանդավառուած, կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, ի նպաստ կազդուրման կայանին:

            Յանձնախումբը ներկաներուն նուիրեց Սվազի գործ վզնոցներ  եւ Այնճարի քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած ծաղիկի թաղարներ:

            Ներկաները վերադարձան ուրախ տրամադրութեամբ: