Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի վարչութեան (Մար Եուսէֆ), Ուրբաթ, 9 Փետրուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, շրջանի «Սարգիս Ներսէսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընկերային հանդիպում մը Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնին առիթով , ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, մասնաճիւղի բարերարուհի՝ տիկ. Արշալոյս Ներսէսեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու , անդամուհիներու եւ հիւրերու:
Սրահի մուտքին, ներկաներուն բաժնուեցան խոհանոցի անձեռոցներ, ինչպէս նաեւ ծաղիկներ տրամադրուած ծաղկավաճառ Անթոնիին կողմէ:
ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատեմապետուհի՝ ընկհ. Շաքէ Դարբինեան, բացման խոսքով բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնց քաջալերանքով կը յաջողին նման ձեռնարկներ: Ապա հրաւիրեց երգչուհի՝ տիկին Կարինէ Անդրանիկեանը, որ իր գեղեցիկ ձայնով խանդավառ եւ ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծեց:
Տեղի ունեցաւ տարեկան վիճակահանութեան վիճակաձգութիւնը, երկու բախտաւորներ ստացան արժէքաւոր նուէրներ: եղան սրտաբուխ նուիրատուբութիւններ եւ տեղի ունեցաւ ձեռնարկի վիճակահանութիւնը:
Ներկաները ուրախ տրամադրութեամբ եւ գոհունակ բաժնուեցան սրահէն:







