Հինգշաբթի, 1 Մարտ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Պաուշրիէ»-ի «Սօսի Մարտիկեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Արազ» մասնաճիւղի կազմակերպած ընկերային հաւաքոյթը, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու, համակիրներու եւ հիւրերու:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Լենա Արամ, որ բարի գալուստ եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլոր ներկաներուն: Ապա հրաւիրեց Ֆանարի Մատրան հոգեւոր հովիւ՝ տէր Միքայէլ Տէմիրճեանը փոխանցելու իր սրտին խօսքը: Քահանայ հայրը մանրամասնօրէն անդրադարձաւ «Մեծ Պահք»ին, դրուատեց ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը եւ յարատեւ վերելք մաղթեց «Արազ» մասնաճիւղին:
Մասնաճիւղի վարչութեան ընկերուհիները հրամցուցին իրենց պատրաստած Մեծ Պահքի յատուկ ճաշերը, որ արժանացաւ ներկաներուն գնահատանքին: Վաճառուեցան Սուրբ Զատիկը խորհրդանշող եւ թիւեր կրող զարդեղէններ:Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:










