Փետրուար ամիսը կը զուգադիպի մեր եկեղեցական եւ աւանդական տօներուն, ուր իրար կը յաջորդեն Ս. Սարգիս Զօրավարի տօնը, Տեառնընդառաջը, Վարդանանց ճակատամարտը, Բուն Բարեկենդանը: ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու վարչութիւնները կազմակերպեցին տարբեր ձեռնարկներ:
Մար-Մըխայէլ շրջանի ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղն ալ անմասն չմնաց, կազմակերպեց մտերմիկ հանդիպում մը Հ.Յ.Դ «Տիգրան Ծամհուր» ակումբին մէջ. Հինգշաբթի, 25 Փետրուար 2016-ին, 50 ընկերուհիներու եւ բարեկամուհիներու ներկայութեամբ:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհին բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք միշտ զօրավիգ կը կանգնին վարչութեան տարած աշխատանքներուն եւ իրենց լումաներով կ'օժանդակեն, ուժ եւ կորով ներշնչելով:
Ապա հրաւիրեց օրուան դասախօսուհի՝ Ընկհ. Մարլէն Տանակէօզեանը, որ հետաքրքրական եւ շինիչ ձեւով բացատրութիւն տուաւ կենդանիներու աշխարհէն:
Ներկաներուն բաժնուեցան թերթիկներ եւ միասնաբար երգեցին ազգային երգեր: Ընկհ. Շամիրամ Քասոյեան արտասանեց Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք Իմ Որդուն» քերթուածը: Մթնոլորտէն քաջալերուած եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն:
Երկու բախտաւորներ, ստացան արծաթեայ մատանի մը եւ ժամացոյց մը:
Ներկաները մեկնեցան ուրախ տրամադրութեամբ, գնահատելով վարչութեան տարած աշխատանքը:











