«Ընկերային հաւաքոյթ»

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի (Նորաշէն) կազմակերպած «Ընկերային հաւաքոյթ»ը, գարնանամուտի առիթով,տեղի ունեցաւ երեքշաբթի ,24 Մարտ 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10։30-ին, «Ռուբէն» ակումբի սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեանի եւ բազմաթիւ ընկերուհիներու։

Վարչութեան ատենապետուհին՝ ընկհ. Զեփիւռ Պոնիագրապեան, իր բացման խօսքին մէջ ողջունեց ներկաները, ապա ընթերցեց «Հայ եկեղեցւոյ տօները եւ անոնց հետ կապուած աւանդութիւններ» գրքոյկէն ծաղկազարդի եւ Ս. Զատկուան վերաբերող գրութիւններ։

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն եւ եղան նուիրատուութիւններ։