Ընկերային հաւաքոյթ

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի Մար Եուսեֆ շրջանը կազմակերպած էր Ս. Սարգիսի նուիրուած ձեռնարկ, որ տեղի ունեցաւ շրջանի ակումբին մէջ, 10 փետրուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք բացումը կատարեց ատենապետ Աստղիկ Կէտիկեան:

Օրուան բանախօսն էր Մատլէն Տանակէօզեան, որ խօսեցաւ ծաղիկներու մասին եւ այդ նիւթին ընդմէջէն անդրադարձաւ անմոռուկ ծաղիկին, որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

Կատարուեցաւ տարեկան վիճակահանութիւն, որուն համար տրամադրուած էր մէկ նուէր:

Ապա ճաշը հրամցուեցաւ, նաեւ Ս. Սարգիսի հրուշակ: 75 հոգիի ներկայութեամբ կայացած ձեռնարկին ընթացքին տիրեց ուրախ մթնոլորտ: